Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իրան կը չափազանցէ ներկայացնելով Հորմուզի նեղուցի վերաբերեալ պահանջներ, որոնք Օմանը, Միացեալ Նահանգներն ու միջազգային ընտանիքը կը մերժեն:
Ամերիկացի պաշտօնատարը ըսած է, թէ Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ քննարկուող համաձայնութիւնը համակարգման կը վերաբերի, եւ անցումի կամ այլ տուրքեր չկան:
Իրանցի պաշտօնատար մը իր կարգին լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Թեհրան մերժեց Հորմուզի նեղուցի շրջանային միացեալ կառավարման վերաբերեալ օմանեան առաջարկ մը»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Օման առաջարկած էր շրջանային նոր համաձայնութիւն մը, որուն նպատակը կարգաւորելն էր հակամարտութիւնը կենսական նեղուցի մը շուրջ, ուրկէ պատերազմի սկիզբէն առաջ քարիւղի եւ բնական կազի համաշխարհային մատակարարումներու մէկ հինգերորդը կ՛անցնէր, սակայն Թեհրան մերժած է առաջարկը` զայն նկատելով «յաջողութեան որեւէ առիթ չունեցող»:
«Միացեալ Նահանգներն ու Սէուտական Արաբիան կը փորձեն Օմանի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի ռազմավարական նեղուցին վերաբերեալ իր ոչ իրատեսական ծրագիրները յառաջ մղէ», նշած է իրանցի պաշտօնատարը:
«Իրան պնդեց, որ մուտքի ուղին ամբողջութեամբ նեղուցի ճամբով ըլլայ, իսկ ելքի ուղիին մէկ մասը ենթակայ ըլլայ իրանեան վերահսկողութեան», աւելցուցած է ան:
Իրան երեքշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Հորմուզի հարաւային ուղին չենք ճանչնար, եւ եթէ Օման մեր առաջարկը չընդունի, նեղուցը փակ պիտի մնայ»: