Այժմ ստեղծուած է լուրջ իրավիճակ, երբ Ռուսիոյ դէմ ոտքի կանգնած է ամբողջ արեւմտեան աշխարհը: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Անտրէյ Քոնտրաշովի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Այժմ, երբ Արեւմուտքի ներկայացուցիչները սկսած են խօսիլ «ռազմավարական պարտութեան» մասին, երբ անոնք աշխուժօրէն կ՛աջակցին մեր այս վերահաստատներուն, որոնք Եւրոպայի մէջ կը կազմակերպեն ամէն տեսակի հակառուսական ընկերութիւններ, միջոցներ կը հաւաքեն Ռուսիոյ պառակտման նպատակով ընդյատակեայ պայքարը շարունակելու համար, անոնք արդէն բացարձակապէս ատիկա չեն թաքցներ:
«Մեր կեդրոնական ալիքները ցոյց կու տան այն ամէնը, ինչ որ Արեւմուտքը կը մտածէ: Եւ, կ՛երեւի, ասիկա կարեւոր է, որ բոլորը տեսնեն` հասկնալու համար, որ կացութիւնը կատակ չէ: Նախագահը ատիկա չի ծածկեր: Մեր դէմ ոտքի կանգնած է քաղաքակիրթ, այսպէս կոչուած, ամբողջ աշխարհը, որ ինքզինք այդպէս կը կոչէ», նշած է Լաւրով: