Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ կէսօրին հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակի մեքենայ մը երէկ գիշեր հարաւային Լիբանանի մէջ վնասուեցաւ, եւ բանակը կը հետաքննէ, եթէ այդ մէկը Հըզպալլայի կողմէ կրակոցի հետեւանք է»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հարցը քիչ մը եւս մանրամասնելով հաղորդեց. «Հարաւային Լիբանանի Ալի Թահեր բարձունքին վրայ ճարտարապետական մեքենայի վրայ անօդաչու թռչող սարքով Հըզպալլայի յարձակումին այսօր տեղի ունենալիք հաւանական հակադարձութիւնը Պէյրութի Հարաւային արուարձանները պիտի չներառէ»:
Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց. «Հըզպալլան անօդաչու թռչող սարք արձակեց Լիբանանի մէջ «ապահովական շրջան»-ին մէջ գտնուող Ալի Թահեր բարձունքի շրջանը գտնուող մեքենայի մը ուղղութեամբ: Զինուորներու շարքերուն մէջ վնասներ չկան: Ասիկա Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան բացայայտ խախտում է»:
Աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանին նշեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի կողմէ զինուորական մեքենայի մը թիրախաւորման պատասխանելու վերաբերեալ քննարկումները կը շարունակուին»:
Շուրջ մէկ ժամ ետք, իսրայէլեան բանակը հրկիզող ռումբերով թիրախաւորեց Ալի Թահերի անտառը: