Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Հռոմի մէջ` 4-էն 6 օգոստոսի միջեւ:
«Թեքնիք պատուիրակութիւնները Հռոմի մէջ պիտի կեդրոնանան շրջագծային համաձայնագիրի ամբողջական գործադրութեան յառաջ մղման վրայ», ըսած է պաշտօնատարը` այս առումով մատնանշելով «փորձնական շրջաններ» գործողութեան ծիրի ընդլայնումը, առկախ սահմանային հարցերու կարգաւորումը եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան համապարփակ համաձայնութեան մշակումը:
«Նախնական շրջաններէն ձեռքբերուած փորձառութիւնը մեզի պիտի օգնէ բարելաւելու փորձնական շրջաններու գործադրութիւնը, ինչ որ կ՛արտօնէ աստիճանաբար ընդլայնել անոնց ծիրը», աւելցուց պաշտօնատարը:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Հռոմի բանակցութիւններուն ընթացքին Լիբանանի մէջ փորձնական շրջաններու ընդլայնման հարցը պիտի քննարկուի»: