Սալամ. «Լիբանանի Բնական Տեղը Էր Եւ Պիտի Մնայ Անոր Արաբական Խորքն Ու Արաբ Եղբայրներուն Միջեւ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խորհրդարանի նախագահ Սաքըր Ղապաշը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Ֆահտ Սալեմ Սաժիտ Քաապիի:

Սալամ յայտնեց. «Իր արաբական խորքին հետ Լիբանանի կապը որքան ամուր ըլլայ, Լիբանանը կրնայ աւելի արագ ընթանալ ոտքի կանգնելու եւ բարգաւաճման ուղիով, եւ արաբական գործակցութիւնը որքան խորանայ, այնքան մեր պետութիւններուն անվտանգութիւն ու կայունութիւն հաստատելու եւ մեր ժողովուրդներու շահերը պահպանելու կարողութիւնը կ՛աւելնայ»:

«Լիբանանի բնական տեղը էր եւ պիտի մնայ անոր արաբական խորքն ու արաբ եղբայրներուն միջեւ», յայտարարեց Սալամ:

 

 

Leave a Comment