Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինեալներուն կողմէ իրեն ուղարկուած հաւատարմութեան երդման ի պատասխան` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Խամենէին նշած է. «Ձեր ուղերձը, եղբայրնե՛ր եւ որդինե՛ր, ազնիւ Հըզպալլայի քաջարի եւ հաւատարիմ ժիհատականնե՛ր, որ կը կրէր Աստուծոյ խօսքը պահելու գործին մէջ անսասանութեան եւ յամառութեան, Քուրանի մեծ խոստումներուն նկատմամբ հաւատքի, փառք ժառանգող նահատակներու եւ իմամ Խումէյնիի եւ նահատակ ղեկավար այաթոլլա Ալի Խամենէիի ուղիին հետեւելու իմաստները, արժանի է գնահատանքի եւ յարգանքի»:
«Այսօր, երբ աշխարհի ժողովուրդները կշտացած են ամերիկեան վարչակազմի անարդարութենէն ու անիրաւութենէն եւ սիոնականներու յանցագործութիւններէն, որոնք աւերներ կը գործեն երկրի վրայ եւ կ՛ոչնչացնեն բերքն ու սերունդը, ազատ ժողովուրդին չէ մնացած այլ ուղի, բացի ժիհատէն եւ դիմադրութենէն, եւ այս ուղիին նկատմամբ յամառութիւնը յաղթանակ տանելու համար բաւարար է ժիհատականներուն», աւելցուցած է ան:
«Այժմ, երբ Լիբանանի մէջ Հըզպալլան, իբրեւ Դիմադրութեան խմբաւորումներու առաջնորդ, իբրեւ ամուր ժայռ կանգնած է սիոնական գոյացութեան եւ անոր կողմնակիցներու դաժան յարձակումին առջեւ, այս անսասանութիւնը դարձած է ոգեշնչող ուղերձ աշխարհի ազատ ժողովուրդներուն համար` համաշխարհային ամբարտաւանութեան եւ անոր հետեւորդներու ճնշումներէն ազատագրման անոնց երթին մէջ», նշած է ան` աւելցնելով. «Կասկած չկայ, որ այս մեծ նուաճման մեծ մասը պայմանաւորուած է լիբանանցի ժողովուրդի, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի ժողովուրդի համբերատարութեամբ, ազնուութեամբ, զոհողութիւններով եւ համերաշխութեամբ»:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, մեկնելով յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ եւ նահատակ իմամ սէյիտ Ալի Խամենէիի կողմէ ներկայացուած մօտեցումին վրայ, այս ճնշուած եւ կարող ժիհատականներուն պաշտպանելը դարձուցած է ամուր ռազմավարական քաղաքականութիւն եւ Լիբանանի գերիշխանութեան պահպանումն ու սիոնական գոյացութեան յարձակումի լիակատար ու անվերապահ դադրեցումը ներառած է նախայարձակ Ամերիկայի հետ պարտադրուած պատերազմը դադրեցնելու փոխըմբռնման յուշագիրի առաջին պայման», յայտնած է Խամենէի: