Այցելութիւն Ելեւմուտքի Նախարար Եասին Ժապերի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սերժ Մելքոնեան այցելեցին ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի, որուն հետ երկարատեւ խորհրդակցութիւն ունեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ առնչուող զանազան հարցերու կապակցութեամբ:

Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ պետութեան կողմէ անհրաժեշտ յատկացումներու խնդիրը, որ տարիներէ ի վեր կը շարունակէ անլոյծ մնալ` երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապին հետեւանքով: Արծարծուեցաւ նաեւ Պէյրութի քաղաքապետութեան եւ առնչակից նախարարութեանց հետ նոյնօրինակ պարագաներ, որոնք յաջորդական կառավարութիւններու խոստումները եղած են:

 

Leave a Comment