Լիբանանեան Կառավարութեան Աջակցութեան Շուրջ Խլէյֆի-Պըն Ֆարհան Համաձայնութիւն

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարի Լիբանանի հարցով խորհրդական Եազիտ Պըն Մոհամետ Պըն Ֆարհանը հեռաձայնած է Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պետական նախարար Մոհամետ Ապտելազիզ Պըն Սալեհ Խլէյֆիի:

Նախարարութիւնը նշեց, որ զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան, անոր աջակցութեան եւ զարգացման կարելիութիւններուն:

Քննարկուած են Լիբանանի վերջին զարգացումներն ու լիբանանեան կառավարութեան դիմագրաւած տեղահանուածներու մարտահրաւէրներու կարգաւորման ջանքերուն աջակցելու կարելիութիւնները, ներառեալ անոնց տունդարձի պատշաճ պայմաններու ապահովումը, ինչ որ անոնց արժանապատիւ կեանք կ՛ապահովէ:

Երկու կողմերը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին գոհունակութիւն յայտնած են լիբանանեան պետութեան իր հաստատութիւնները ամրապնդելու եւ իր իշխանութիւնը երկրի բոլոր հողերուն վրայ տարածելու համար որդեգրած քայլերուն նկատմամբ:

 

 

Leave a Comment