Իրանի դէմ լայնածաւալ յարձակումի, ռազմավարական կէտեր հարուածելու ամերիկեան սպառնալիքներու իրականացումը առկախուած է: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յայտարարէ, որ եթէ Թեհրան չընդառաջէ ամերիկեան պահանջներուն, ապա յարձակումները կը վերսկսին:
Առաստաղի բարձրացման, սպառնալիքներու մագլցումի այս ոճը արդէն իսկ աւանդական դարձած է: Իսկ նման փուլ կ՛ենթադրէ նոր բանակցութիւններու մեկնարկի նախապատրաստութիւն եւ բանակցային դիրքերու ամրապնդում, առաւելագոյնը ձեռք ձգելու համար:
Այստեղ սակայն կայ երանգային նրբութիւն: Այս անգամ առկախումն ու Իրան-Օման բանակցութիւններու մեկնարկը կը զուգադիպին ժամանակի իմաստով: Բանակցութիւններու բովանդակութեան եւ օրակարգի կէտերու մասին հրապարակային պաշտօնական հաղորդագրութիւններ չկան: Սակայն անմիջապէս քանի մը դիտարկում կարելի է արձանագրել` բանակցային իրողութիւնը նկատի ունենալով:
Առաջինը այն, որ նախքան շրջանային պատերազմի բռնկումը, Օմանը դարձած էր միջնորդ երկիր Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններուն: Օմանին վստահուած էր յատուկ առաքելութիւն յատկապէս հիւլէական թղթածրարի օրակարգով բանակցութիւններու հարթակ դառնալու: Նկատելի էր նաեւ, որ Օմանը սկսած էր այս առումով փոխարինել Քաթարը, որ մինչ այդ միջնորդային առաքելութիւն կ՛իրականացնէր ընդհանրապէս տարածաշրջանային քաղաքական հակամարտութիւններու:
Երկրորդ անմիջական հետեւողութիւնը, որ կարելի է ընել, այն է` բանակցելի հանգոյցը դարձեալ Հորմուզն է, նկատի ունենալով Օմանի աշխարհագրական դիրքը եւ Հորմուզի նկատմամբ իր ունեցած աշխարհագրական առաւելութիւնը:
Հիմա կը յաջորդէ տրամաբանական խնդիրը: Նախքան շրջանային պատերազմը, Իրանն ու Օմանը խնդիր չունէին Հորմուզի անցքի բանեցման առիթով: Հորմուզը կ՛աշխատէր բնականոն: Հիմա, ըստ երեւոյթին Օմանին տրուելիք բաժին կայ, վերահսկողական, ֆինանսական, մաքսային: Հետեւաբար Հորմուզի նոր կարգավիճակի կամ վարչակառավարման խնդիրն է, որուն շուրջ կը բանակցին Իրանն ու Օմանը: Երբեմնի միջնորդ Օմանը դարձած է բանակցող կողմ այս պարագային:
Շարունակենք: Եթէ կարգավիճակ կը քննարկուի, այդ կը նշանակէ նոր դրութեան շուրջ նոր համաձայնութիւն: Այս նոր դրութիւնը ենթադրաբար պիտի նշանակէ նոր համակարգ, նոր կարգավիճակ, հետեւաբար նաեւ նոր երաշխաւորութիւն:
Չի բացառուիր, որ այդ առաջադրանքը արծարծէ բանակցող կողմ Օմանը: Նոր երաշխաւորը, վերահսկիչը պատրաստ է: Ան, որ ծովային մեծ պաշարումով անդամալուծած էր իրանեան ամբողջ ուժանիւթային արտահանումը:
Այս հանգամանքները երեւցող տուեալներու հիւսուածքով կրնան բացատրել Թրամփի առկախումը լայնածաւալ յարձակումներու: Թեհրանը երբ պատրաստակամութիւն յայտնած է եւ սկսած է բանակցիլ Օմանի հետ, այդ կը նշանակէ, որ Հորմուզի շուրջ նոր համաձայնութեան յանգելու ուղղութեամբ քայլ առած է: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ այս գործընթացը կը շարունակուի հեզասահ եւ կ՛արդիւնաւորուի ամերիկեան հասկացողութեամբ անպայման: Այս կը նշանակէ պարզապէս, որ յարձակումներու առկախումի համընկնումը Թեհրան-Մասքաթ բանակցութիւններու մեկնարկին, Հորմուզի շուրջ նոր օրակարգի ձեւաւորում է:
Միջանկեալ փուլ է: Յարձակումներու առկախում չի նշանակեր զինադադար. իսկ բանակցիլ տակաւին չի նշանակեր համաձայնիլ Հորմուզի նոր կարգավիճակին շուրջ: Ընդամէնը կանգառ` վերահաշուարկներու:
«Ա.»