ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ վաղը Սաֆայի դաշտին վրայ պիտի կատարէ այս տարեշրջանի իր վերջին մրցումը` Հորր Ամելի խումբին դէմ:
Ինչպէս գիտենք, Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի խումբը շատ լաւ ձեւով կը կատարէր իր ելոյթները, բայց փետրուարին սկսած պատերազմէն արդէն երկու շաբաթ առաջ սկսած էր անհամ վիճակը, ուր կարծէք դիտմամբ սխալներ կը կատարուէին` պարտութիւններու պատճառ դառնալով:
Մօտ 5 ամսուան դադարէ ետք, ֆետերասիոնը որոշեց վերջին 4 հանգրուաններն ալ կատարել: ՀՄԸՄ-ի տղաքը չնչին յոյս ունէին գրաւելու առաջին երկու դիրքերը:
Երկրին տնտեսական վիճակը արդէն իսկ լաւ չէր, եւ մեծ թիւով մարզիկներ այդքան ալ տրամադրուած չէին մասնակցելու «պարտականութիւն» մրցումներուն:
Ուրբաթ յետմիջօրէին, օրինակ, առաջին կիսախաղին 4-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք Ահլի Սայտայի դէմ մրցումին, ՀՄԸՄ կրցած էր 3 կոլեր նշանակել, բայց 2 կոլեր եւս ստանալով, 6-4 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր իր նախավերջին մրցումին:
Էլիաս Համուշ, Յակոբ Նաճարեան, Ուասիմ Ապտել Հատի եւ Ֆատել Ռիտա նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի 4 կոլերը: Նաճարեան 2 էսիսթ ալ կատարեց:
Ուասիմ Ապտել Հատի այս մրցումին իր 16-րդ կոլը նշանակեց եւ կը գրաւէ կոլ-սքորըրներու Բ. դիրքը: Ան նշանակած է ՀՄԸՄ-ի 28 կոլերէն 16-ն:
Այս ձեւով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մնաց 4-րդ դիրքին վրայ:
Խմբակին (Բ. խմբակ) առաջին երկու դիրքերը կը գրաւեն Ղատ Աֆտալ (32 կէտ) եւ Իժթիմահի (31 կէտ), մինչ առաջին խմբակի առաջին երկու դիրքերը կը գրաւեն Սալամ Սուր եւ Նահտա Այն Պաալ: Գ. խմբակի առաջին երկու դիրքերը կը գրաւեն Շապապ Մաժտել Այնճար եւ ՀՄՄ, որոնք եթէ վերջին մրցումներուն պահեն իրենց դիրքերը, պիտի մասնակցին «ֆայնըլ 6»-ի մրցումներուն, որոնցմէ 2 խումբեր պիտի բարձրանան Բ. դասակարգ: