Բռնցքամարտ. Անի Յովսէփեան Յաղթանակ Մը Եւս Տօնեց

Եւրոպայի ախոյեան, բռնցքամարտի աղջկանց Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Անի Յովսէփեան իր երրորդ յաղթանակը տարաւ արհեստավարժ մրցումներու գծով:

Անգլիոյ Պոլթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Ռիլ Պոքսինկ Չեմփիընզ»-ի («Ար. Պի. Սի.») կազմակերպած բռնցքամարտի երեկոյին, Անի Յովսէփեան մենամարտ մը ունեցաւ 29 տարեկան չեխ բռնցքամարտիկ Եոհանա Ռէյմոնտի դէմ եւ յաղթեց իրաւարարներու միաձայն որոշումով:

Անի Յովսէփեան արհեստավարժ բռնցքամարտին մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանը: Նախորդ մենամարտը տեղի ունեցած էր 2025-ի հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ, ուր ան պարտութեան մատնած էր սերպ Քսենիա Մետիքը:

Անի Յովսէփեան անկախ Հայաստանի (1992-էն ետք) բռնցքամարտի աղջկանց Եւրոպայի առաջին ախոյեանն է եւ արհեստավարժ ռինկին մէջ Հայաստանը ներկայացնող իգական սեռին մաս կազմող առաջին բռնցքամարտիկը:

 

Leave a Comment