ՀՄԸՄ Պէյրութ 4-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Պէյրութի շրջանի առաջին հանգրուանին:
Մապարրայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պարտութեան մատնեց Նուժումը: Օմար Հուսարի (2), Իսա Օսման եւ Հայտար Հայտար նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կոլերը:
ՀՄԸՄ Պէյրութ այս տարի լրջօրէն կը պայքարի բարձրանալու Գ. դասակարգ եւ կազմած է երիտասարդ ու փորձառու մարզիկներէ կազմուած խումբ մը, որուն ընդհանուր թեքնիք մարզիչն է Յակոբ Տեմիրճեան, մարզիչը` Ահմետ Իթանի, օգնական մարզիչը` Խաչիկ Սերոբեան եւ բերդապահներու մարզիչը` Սարգիս Մնասսա: Խմբապետն է Աւագ Պալապանեան, որ խումբին լաւագոյն մարզիկներէն մէկն էր անցեալ եղանակին ալ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պէյրութի խմբակին մաս կը կազմէ նաեւ Անդրանիկ եւ Էֆ. Սի. Պէյրութ: