Դամասկոսի Մէջ Շարհ-Կութիերես Հանդիպում – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ շաբաթ օր Դամասկոսի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ եւ ՄԱԿ-ի միջեւ մարդասիրական եւ բարգաւաճման ոլորտներուն մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ արագ ոտքի կանգնելու ու վերաշինութեան ջանքերը:

Ընդգծուեցաւ Սուրիոյ գերիշխանութեան, միութեան ու հողային ամբողջականութեան յարգման կարեւորութիւնը:

Կութիերես նախքան այդ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի հետ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիացի ժողովուրդը տարիներով դժուարութիւններու տոկաց, եւ հակառակ ատոր չի կորսնցներ իր ճկունութեան, դիմացկունութեան, նորարարութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը»:

«Սուրիան ներկայիս հաւասարապէս առողջացման ու ներդրումի փուլի մէջ է», ըսաւ ան` նշելով. «Սուրիան բոլորին առիթներ կը ստեղծէ, եւ այսօր բոլոր սուրիացիներուն համար աւելի լաւ ապագայի կէտեր կը ստեղծէ, եւ այդ որոշումը կը պահանջէ ղեկավարութիւն, տեսլական եւ վստահութիւն, որպէսզի իւրաքանչիւր սուրիացի կարենայ իր երկրի ապագային մէջ ինքզինք գտնել»:

«Չկայ պետութիւն մը, որ շատ սուր հակամարտութենէ դուրս կու գայ եւ առանձինը ինքզինք կը կառուցէ: Պէտք է այս հարցին նկատմամբ անոր վճռակամութեան ու կամքին մէջ օգնենք Սուրիոյ», յայտնեց Կութիերես` նշելով. «ՄԱԿ-ը յոյս ունի համագործակցելու Սուրիոյ հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ միջազգային ընտանիքին հետ` անոր ապագային ու բարգաւաճման սատարելու համար»:

Կութիերես նաեւ յայտարարեց. «Կոլանը սուրիական հող է, եւ ՄԱԿ-ը սուրիական հողերու անվտանգութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան կողքին կը կանգնի, եւ բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` ոտնձգութիւնները դադրեցնելու»:

«Մենք ՄԱԿ-ի մէջ կ՛ընդունինք, թէ այն, ինչ որ սուրիացիներուն է, պէտք է անոնցը ըլլայ, եւ կարելի չէ զայն անոնցմէ առնել», ըսաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց. «Ասիկա 17 տարիներէ ի վեր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Սուրիա առաջին այցելութիւնն է, եւ անոր խճողուած ծրագիրը կը պարունակէ խոր իմաստներ, որոնք կը գերազանցեն պաշտօնական հանդիպումները` կազմելով Սուրիոյ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գործօն գործընկերոջ դիրքի անցնելու յստակ հռչակագիր»:

«Քննարկեցինք վերաշինութեան ջանքերու ամրապնդման համար ՄԱԿ-ի հետ գործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները», աւելցուց Շիպանի` նշելով. «Երեքուկէս միլիոն սուրիացիներ, աշխարհի վրայ կամաւոր վերադարձի մեծագոյն քայլերէն մէկուն ընթացքին, իրենց երկիրը վերադարձան»:

«Առաջնահերթութիւնը վերաշինութեան է, եւ ատիկա բոլոր սահմանափակումներու ջնջում կը պահանջէ, եւ աշխատանք կը տանինք պատրաստելու օրէնսդրական միջավայր մը, որ մեզ օժանդակութեան փուլէն տեւական բարգաւաճում կը փոխադրէ», ըսաւ ան:

«Սուրիական հողերուն դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները շրջանի անվտանգութեան ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնեն», յայտնեց Շիպանի` նշելով. «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ քննարկեցինք ոտքի կանգնելու ու վերաշինութեան նոր փուլի ընթացքին Սուրիոյ եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործընկերութեան ուղին»:

Leave a Comment