Փեսքով շաբաթ օր լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապի «սառեցումը» ներկայիս կարելի չէ` Քիեւի դիրքորոշման պատճառով:
Քրեմլինի բանբերը վերյիշեցուց, որ ռուսական պայմանները յայտարարուած են երկու տարի առաջ` աւելցնելով. «Ամէն ինչ կրնայ մինչեւ այս օրուան աւարտը վերջ գտնել, եթէ Քիեւի վարչակարգը անհրաժեշտ որոշումները տայ»:
Փեսքով այդպիսով կը մեկնաբանէր Ղազախստանի նախագահ Քասեմ Ժոմարթ Թոքայեւի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Օմսքի մէջ հանդիպումի ընթացքին Ուքրանիոյ հետ տագնապը «սառեցնելու» մասին կատարած առաջարկը: