Թրամփ. «Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Պատերազմը Պիտի Շարունակենք, Եթէ Մեր Ուզածը 100 Առ Հարիւր Չստանանք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ֆրանսական «Էլ.Սէ.Ի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրանի դէմ լայնածաւալ պատերազմը պիտի շարունակենք, եթէ մեր ուզածը 100 առ հարիւր չստանանք»:

Երկու աղբիւրներ «Աքսիոս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ ամերիկեան բանակը ձեռնարկած է Իրանի դէմ լայնածաւալ գործողութիւններու շղթայազերծման հաւանականութեան ծրագիրներ պատրաստել, «սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին իր հրամանը չէ տուած»:

«Թրամփ ուրբաթ օր կանաչ լոյս չտուաւ, երբ ամէնօրեայ կերպով յարձակումներու ծրագիրներուն հաւանութիւն կու տար», աւելցուցած է աղբիւր մը:

Աղբիւրներ ամերիկեան կայքին յայտնած են. «Բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացի արձանագրումը եւ շաբաթավերջի ընթացքին Իրանի ու Օմանի միջեւ համաձայնութեան գոյացման հաւանականութիւնը գոյութիւն ունի»` աւելցնելով. «Թրամփի հարուածները դադրեցնելու որոշումը Հորմուզի նեղուցին շուրջ բանակցութիւններ կատարելու համար օմանեան պատուիրակութեան մը Թեհրան հասնելէն ժամեր ետք տեղի ունեցած է»:

Աղբիւրներ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ Օմանի եւ Իրանի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի կիրակի օր յայտարարեց. «Օմանի հետ Հորմուզի նեղուցին շուրջ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ էին, եւ երկու կողմերուն միջեւ թեքնիք ու քաղաքական խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին»:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ օր հաղորդեց. «Իսրայէլ Իրանի վրայ ամերիկեան լայնածաւալ յարձակումի մը պատրաստուեցաւ, սակայն յարձակումը յետաձգուեցաւ»: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը պատկերասփիւռի կայանին նշած է. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշեց բանակցութիւններուն յաւելեալ առիթ ընծայել»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, սակայն, կիրակի օր յայտնեցին. «Թրամփ մօտ օրէն Իրանի դէմ մագլցում պիտի չկատարէ, որովհետեւ իրանցիները Ծոցի մէջ պաշտպանութեան համակարգը նկատառելի կերպով քանդեցին»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց. «Թրամփ որոշեց Իրանի դէմ պատերազմը չընդլայնել` «Փաթրիոթ» հրթիռներու եւ օդային պաշտպանութեան զինամթերքի նուազումին նկատմամբ մտավախութեան պատճառով»:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուալց «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Իրանի հետ բանակցութիւններուն «սահմանափակ առիթ» կ՛ընծայէ:

Իրանեան բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Յարձակումները պիտի դադրեցնենք, եթէ Ուաշինկթըն շարունակէ հարուածները դադրեցնել»:

Իրանեան աղբիւրը նշեց, որ Թրամփի Իրանի վրայ յարձակումը դադրեցնելէն ետք «լաւատեսութենէն աւելի կասկածներ գոյութիւն ունին»:

Աղբիւր մը «Արապիա»-ին յայտնած է. «Իրան փաքիստանցի պաշտօնատարներու յայտնեց, որ բանակցութիւններէն չէ հեռացած, այլ` զանոնք առկախած է»:

 

 

Leave a Comment