Հրաձգութիւն. Հայաստանի Յաջողութիւնները Կը Շարունակուին

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ տեղի ունեցող հրաձգութեան աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականը կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները:

Մրցաշարքի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը ոսկի մետալ նուաճեց «բնական վազք» մրցաձեւին մէջ:

Աշխարհի ախոյեաններ հռչակուեցան Գոռ Խաչատրեան, Յովհաննէս Մարգարեան եւ Հայկ Մինասեան: Հայ հրաձիգները միասին վաստկեցան 1719 կէտ` Հայաստանի հաւաքականին պարգեւելով երրորդ ոսկի մետալը:

Մրցումներու առաջին օրը, Հայաստանի մարզիկները նուաճած էին 6 մետալ` երկու ոսկի, 2 արծաթ եւ երկու պրոնզ:

Մինչեւ երկրորդ օրուան մրցումները, Հայաստանի հաւաքականը երեք ոսկի մետալներով կը գլխաւորէր աշխարհի ախոյեանութեան մետալներու դասաւորումը:

Ուքրանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ղազախստանի հաւաքականները ունին մէկական ոսկի մետալ:

 

 

Leave a Comment