Հայաստանը ներկայացնող թենիսվումըններ Էլինա Աւանէսեան եւ Ալինա Չարայեւա հասան Համպուրկի (Գերմանիա) «Տապըլեու.Թի. Էյ. 250» մրցաշարքի քառորդ աւարտական:
Աշխարհի թիւ 208-րդ դասուած Էլինա Աւանէսեան, որ անցեալ տարի հասած էր մինչեւ թիւ 36 դիրքին, բայց վիրաւորուելէ ետք բաւական հեռացած էր թենիսէն, այժմ լաւ մակարդակի վրայ է եւ կրցաւ դուրս ձգել թիւ 79 դասուած Եուլիա Փութինցեան (Ղազախստան)` 6-3, 2-6 եւ 6-2 արդիւնքով: Այս մրցաշարքի թիւ 7 դասուած Փութինցեւա անակնկալի մատնուելէ ետք առաջին սեթին, կրցաւ սեթ մը շահիլ, բայց Աւանէսեան ինքզինք գտաւ եւ 44 վայրկեանի ընթացքին յաղթեց 3-րդ վճռական սեթին:
Էլինա Աւանէսեան իր առաջին մրցումին ալ դուրս ձգած էր թիւ 187 դասուած Արանցա Ռուսը (Նետերլանտներ)` 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով:
24 տարեկան Չարայեւա իր կարգին կրցաւ դուրս ձգել աշխարհի թիւ 80 դասուած աւստրիացի Սինիա Քրաուսը` 5-7, 7-5 եւ 7-5 արդիւնքով:
Թիւ 117 դասուած Չարայեւա քառորդ աւարտականին պիտի մրցի հունգարացի Աննա Պոնթարի դէմ (թիւ 97), որ այս մրցաշարքին թիւ 4 դասուած է, մինչ Աւանէսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ այս մրցաշարքի թիւ 1 դասուած ուքրանացի Օլեքսանտրա Օլինիքովան: (աշխարհի թիւ 45):

