Չորս պաղեստինցիներ եւ իսրայէլացի երկու զինուորներ, որոնցմէ մէկը հազարապետ, սպաննուեցան, երբ իսրայէլացի բնակեցուածներ փորձեցին ներխուժել Այսրյորդանանի Նապլուս քաղաքի հարաւը գտնուող Թալ գիւղ, սակայն գիւղի բնակիչները անոնց դէմ կանգնեցան:
Իսրայէլեան բանակը խիստ շրջափակման ենթարկեց պաղեստինեան գիւղն ու Նապլուս քաղաքը, իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի, բանակի հրամանատարին ու ընդհանուր ապահովութեան մարմինի տնօրէնին հետ այս հարցով գումարեց ժողով մը, որմէ ետք Նեթանիահու եւ Քաց հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին. «Բանակին հրամայեցինք լայնածաւալ գործողութիւն մը կատարել Այսրյորդանանի մէջ ահաբեկչութեան աղբիւր եղող գիւղերուն մէջ»:
«Որոշեցին Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրերու օրինականացման եւ նոր բնակեցման վայրերու ստեղծման ուղղութեամբ ընթանալ», նշեցին անոնք:
«Բանակին հրամայեցինք Այսրյորդանանի կարգ մը գիւղերէն զէնքերը հաւաքել, բնակիչներուն աշխատանքի արտօնագիրները չեղեալ նկատել, եւ քանդել տունը այն զինեալին, որ Թալ գիւղին մէջ իսրայէլացիներուն ուղղութեամբ կրակեց», ըսին Նեթանիահու եւ Քաց:
Նշենք, որ նախքան այդ Թալ գիւղին մօտ կրակոցի հետեւանքով իսրայէլացի բնակեցուած մը սպաննուեցաւ եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուեցան: