«Գործնականին մէջ մենք մեծ ակնկալիքներ չունէինք, որ Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը, կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Այս մասին «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Անոր համաձայն, այդ քայլը հիմնականին մէջ մարտավարական բնոյթ ունէր` Թուրքիոյ որոշակի ուղերձ յղելու նպատակով:
«Եթէ որեւէ պետութիւն բնական պայմաններու մէջ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այդ քայլը պէտք է ըլլայ արժէքային եւ բարոյական դիրքորոշում, այլ ոչ թէ դառնայ քաղաքական սակարկութեան գործիք», նշած է ան:
Յակոբ Բագրատունի միաժամանակ նշած է, որ պէտք չէ գերագնահատել Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ առկայ հրապարակային լարուածութիւնը:
«Ոչ ոք պէտք է հաւատայ, թէ Թուրքիան եւ Իսրայէլը հիմնարար հարցերուն մէջ հակադիր դիրքերու մէջ են: Ռազմական համագործակցութիւնն ու տնտեսական կապերը կը շարունակուին, իսկ կարծր յայտարարութիւններու մեծ մասը ներքաղաքական եւ ամբոխավարական բնոյթ ունին: Էրտողան կը ձգտի ներկայանալ իբրեւ իսլամական աշխարհի պաշտպան, սակայն այդ չի նշանակեր, որ երկու երկիրներու ռազմավարական շահերը կը դադրին համընկնելէ», նշած է Բագրատունի:
Անդրադառնալով Իսրայէլ-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն` Բագրատունի ընդգծած է, որ Իսրայէլ կը շարունակէ մնալ Ազրպէյճանի հիմնական գործընկերներէն մէկը:
«Իսրայէլ եղած է եւ կը մնայ Ազրպէյճանի կարեւորագոյն աջակիցներէն մէկը: Ան զինած է Ազրպէյճանը, համագործակցած է անոր հետ եւ, փաստացի, մասնակցած այն գործընթացներուն, որոնք յանգեցուցին Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան», ըսած է Բագրատունի:
«Նախագահ Աունի Ուաշինկթըն
Այցելութեան Մէջ
Դրական Արդիւնք Պէտք Է Տեսնել»
Խօսելով լիբանանեան իրադարձութիւններուն մասին` երեսփոխան Բագրատունի նաեւ անդրադարձած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Ուաշինկթըն այցելութեան եւ Ռուպիոյի ու ապա Թրամփի հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին: Բագրատունի նշած է, որ աւելի քան 15 տարիէ ի վեր չէ եղած Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ մը, որ հանդիպում ունեցած ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետ: Զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահ ընտրութենէն ետք, հակառակ անոր որ ան ասկէ առաջ Նիւ Եորք գտնուեցաւ, բայց առիթ չունեցաւ Թրամփին հետ տեսակցելու: Անտարակոյս Աուն-Թրամփ հանդիպումը կարեւոր էր, յատկապէս Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ եւ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան հողերու բռնագրաւման լոյսին տակ:
«Բնականաբար կը փորձենք այս այցելութեան դրական արդիւնքները տեսնել, եւ այն, ինչ որ հրապարակուեցաւ նախագահ Թրամփի կամ նախագահ Աունի յայտարարութիւններուն առումով, դրական տպաւորութիւն կը ձգէ, սակայն ատիկա կը մնայ յայտարարողական մակարդակի վրայ, եթէ երբեք գետնի վրայ ատոր գործնականացումը չտեսնենք», ըսած է Բագրատունի:
Բագրատունի նշած է, որ ուաշինկթընեան հանդիպումներէն ետք առաջին քայլը Իսրայէլի հեռացումն էր երկու գիւղերէ, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր Հռոմի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին: Երկու գիւղերը գրաւուած չէին ամբողջութեամբ, այլ սահմանի վրայ էին:
«Թաքուն ի՛նչ համաձայնութիւններ կան զինուորական գետնի վրայ ցարդ կարելի չէ գիտնալ, սակայն այս բոլորը պէտք է դիտել դրական ձեւով: Լիբանանեան կարգ մը կողմեր կռնկակոխ կերպով դէմ են Իսրայէլ-Լիբանան ուղղակի բանակցութիւններուն, եւ մտավախութիւն կար, որ նախագահ Թրամփը կրնար անակնկալ մը մատուցել եւ նախագահ Աունի ներկայութեան հրաւիրել Իսրայէլի վարչապետը, որպէսզի ձեռնուին, եւ ատիկա ներքին առումով շատ վատ տպաւորութիւն կրնար ձգել, բարեբախտաբար այդպէս չեղաւ: Ես կը հաւատամ, որ Լիբանանի նախագահը այս իմաստով համապատասխան խողովակներով պէտք եղածը հասցուցած էր, որ մենք համաձայն ենք բանակցութիւններուն ապահովելու համար Իսրայէլի հեռացումը լիբանանեան հողերէն, գերիներու վերադարձը, վերաշինութեան արտօնութիւնը եւ տեղահանուածներու վերադարձը իրենց հողերը», ըսած է երեսփոխան Բագրատունի` յոյս յայտնելով, որ ուաշինկթընեան հանդիպումներէն դրական արդիւնքներ կարելի ըլլայ տեսնել:
«Համբերող պէտք է ըլլանք, արագօրէն չդատենք հանդիպման արդիւնքները, ո՛չ տեսնենք, որ անոնք ամբողջութեամբ դրական են, ոչ ալ տեսնենք, որ ամբողջութեամբ բացասական են, այլ ընդհակառակը պէտք է ամէնօրեայ հեւքով հետեւիլ եւ քաղել այն, ինչ որ Լիբանանի համար օգտակար է», եզրափակած է Բագրատունի: