Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Շեմրոք Ռովըրզի (Իրլանտա) դէմ, բայց «Քոնֆերենս լիկ»-ին մասնակցող խումբեր` Նոա, Ալաշկերտ եւ Փիւնիկ նոյնքան յաջողութիւն չգտան:
Նոա Մոլտովայի մէջ քիչ մնաց պարտութիւն կրէր Զիմպրու Քիշինեւ խումբէն, Շթեփան Փիցա 43-րդ վայրկեանին նշանակած էր Զիմպրուի կոլը, բայց 89-րդ վայրկեանին Գոռ Մանուէլեանի քոռնըրէն ետք Վալենթին Քոսթաքէ նշանակեց Նոայի հաւասարութեան կոլը:
Ալաշկերտ բաւական դժուար մրցում մը ունէր Ռումանիոյ Քլուժ ակումբին դէմ, բայց բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ մանաւանդ առաջին կիսախաղին: 35-րդ վայրկեանին Կարէն Նալպանտեանի փոխանցումէն ետք Ռաֆայէլ Ժեզուս նշանակեց մրցումի առաջին կոլը:
Սակայն Բ. կիսախաղի առաջին վայրկեանին կոլ մը ստանալէ ետք մրցումը վերջ գտաւ հաւասարութեամբ:
Հունգարիոյ մէջ Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տեպրեցենի դէմ, բայց Փիւնիկի մարզիչ Արտակ Օսէեան վստահ կը թուի ըլլալ դարձի մրցումին շրջելու արդիւնքը: