Կարէն Վարդանեան Կը Փայլի Սումկայիթի Մէջ

Հայկական արմատներ ունեցող Մինսքի Տինամօ խումբի յառաջապահ Կարէն Վարդանեան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի  մրցումներուն գծով Ազրպէյճանի Նեֆթչիի դէմ մրցումին եղաւ հանդիպումի գլխաւոր հերոսներէն մէկը:

Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, պիելոռուսական ակումբը 4-2 արդիւնքով յաղթեց: Վարդանեան 2 կոլ նշանակեց 36-րդ եւ 57-րդ վայրկեաններուն, ինչպէս նաեւ կատարեց էսիսթ մը:

Դաշտին տէրերը 2-րդ վայրկեանին բացին մրցումին հաշիւը Էմին Մահմուտովի միջոցով: 8-րդ վայրկեանին Ալեքսանտր Սելիավայի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) կոլէն ետք Նեֆթչիի առաւելութիւնը կրկնակի եղաւ: Սակայն աւելի ուշ Մինսքի ակումբը ինքզինք գտաւ, եւ Վարդանեան, Մաքսիմ Մալաշեւիչ եւ Կուլժեկիտ Ալիքուլով (77-րդ վայրկեանին) կոլեր նշանակեցին: Կարէն Վարդանեանի հայրը կանուխէն լքած էր ընտանիքը, եւ այդ պատճառով ալ Կարէն խնամուած էր իր պիելոռուս մօր կողմէ, եւ աւելի ուշ ան ընտրած էր Պիելոռուսիոյ ազգային խումբը:

Նախապէս Կարէն Վարդանեան Հայաստանի ազգային խումբին դէմ ալ դաշտ ներկայացած էր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:

Leave a Comment