Այսօր երեկոյեան ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այս տարեշրջանի իր 13-րդ եւ նախավերջին մրցումը պիտի կատարէ Ահլի Սայտայի դէմ, Սաֆայի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ յետպատերազմեան իր 3-րդ մրցումը պիտի կատարէ, տարեշրջանի սկիզբին նման բաւարար մարզիկներով չի մասնակցիր զանազան պատճառներով, բայց պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը իրենց կարելին կ՛ընեն լաւագոյնը տալով եւ այսօր պիտի փորձեն իրենց 7-րդ յաղթանակը արձանագրել:
Յաղթանակով մը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը վերադառնայ 3-րդ դիրք, բայց Բ. դիրքը գրեթէ անհասանելի եղաւ:
Իր վերջին մրցումին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ գրեթէ առանց պահեստի մարզիկներու կիսախաղը 1-1 արդիւնքով աւարտելէ ետք 3-1 արդիւնքով պարտուած էր առաջին դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալէն, մինչ Ահլի Սայտա 5-0 արդիւնքով յաղթած էր Հարաքեթ Շապապին:
Այսօր նաեւ, Ղատ Աֆտալ պիտի մրցի Հորր Ամելիի դէմ, Ժալիլ Քանա պիտի մրցի Իժթիմահիի դէմ, իսկ Թաուֆիր պիտի մրցի Հարաքեթ Շապապի դէմ: