Աթլեթիզմ. Զուլալ Պեզճեան Պարգեւատրուեցաւ Ֆետերասիոնին Կողմէ

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը վերջերս պարգեւատրեց անցեալ ամիս տեղի ունեցած արաբական երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան մետալներ շահած լիբանանցի մարզիկները:

Իսմայէլիէի մէջ տեղի ունեցած 16 եւ 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Լիբանանը ներկայացնող 15 մարզիկներ կրցած էին մետալներ շահիլ, ներառեալ ՀՄԸՄ-ի աթլեթի մարզիկ Զուլալ Պեզճեանը:

Զուլալ Պեզճեան 23 տարեկանէն վար մրցաշարքին մասնակցած էր եւ գրաւած 3-րդ դիրքը: Պրոնզ մետալակիր Պեզճեան լիբանանեան նոր մրցանիշ մը արձանագրած էր 20 տարեկանէն վար նիզակի մարզաձեւին մէջ (35,87 մեթր): Նախորդ մրցանիշը 30 տարիներէ ի վեր կը մնար անհասանելի:

 

Leave a Comment