Չորեքշաբթի գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց աւարտական մրցումի առաջին ճակատումին Ռիատի հանգիստ յաղթանակով սկսաւ Սաժեսի դէմ:
Արդիւնքը այդքան ալ հանգիստ չէր, բայց եթէ նկատի ունենանք, որ Ռիատի ամբողջ մրցումին բնաւ առիթ չտուաւ Սաժեսին, որ լաւ արդիւնքով անցնի, եւ մրցումի աւարտէն 4 վայրկեան առաջ 17 կէտերով կը յաղթէր (88-71), կրնանք պատկերացնել, որ Ռիատի շատ աւելի լաւ էր:
Ռիատի արդէն իսկ 2 օտարներով խաղցաւ գրեթէ ամբողջ մրցումին` կայուն խումբ ըլլալով, մինչ Սաժես ունի մեծ թիւով լաւ մարզիկներ, սակայն օտարներու պարագային միայն Տեշանտրէ Ուաշինկթընն է որ կրնայ խումբը պահել բարձր մակարդակի վրայ:
Սեքու Տումպույա միայն անունով ներկայ էր դաշտին վրայ, մինչ նոր զելանտացի Հարիսըն Թայրել Էլըն 19 կէտով եւ 8 ռիպաունտով աւարտեց մրցումը: Ուաշինկթըն թրիփըլ տապըլ չկրցաւ կատարել եւ բաւականացաւ 25 կէտով:
Եուսեֆ Խայյաթ 20 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սաժեսի:
Աւելի խմբային խաղով ծանօթ Ռիատիի լաւագոյն մարզիկներն էին սերպ սենթըր Տուշան Մլեթիչ (17 կէտ, 12 ռիպաունտ), Ուաէլ Արաքժի (19 կէտ, 8 էսիսթ), Հայկ Կէօքճեան (9 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Ռոնալտ Մարչ (16 կէտ), որ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Լիբանանի մէջ:
Այսօր գիշեր Սաժես Ղազիրի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ռիատին երկրորդ ճակատումին գիշերուան ժամը 9:30-ին: