Պայրագտարեան Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ իր առաքելութեան աւարտին առիթով այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ աչքէ անցընելու նախարարութեան աշխատանքը եւ վերահաստատելու անոր ծրագիրներուն ու նախաձեռնութիւններուն Ֆրանսայի շարունակուող աջակցութեան կարեւորութիւնը:

Նախարարը իր գնահատանքը արտայայտեց դեսպանին, իր նստաշրջանի ընթացքին թափած իւրայատուկ ջանքերուն եւ նախարարութեան գործունէութեան ու աշխատանքին շարունակուող աջակցութեան համար` յաջողութիւն մաղթելով անոր ասպարէզի յաջորդ փուլին մէջ:

Պայրագտարեան նաեւ դեսպանէն խնդրեց ֆրանսական վարչակազմին փոխանցել գնահատման պատգամ մը, որ կ՛արտայայտէ լիբանանցի ժողովուրդի զգացումները, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան նկատմամբ անոր հաւատքը եւ Լիբանանի ու անոր հարցերուն նկատմամբ Ֆրանսայի տեւական աջակցութեան համար անոր երախտագիտութիւնը:

Leave a Comment