18 յուլիս 2026-ին Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովի համադրող կազմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 2026 թուականի ապրիլ 11-12-ին գումարուած խորհրդաժողովին յաջորդող առցանց նիստը, որ համախմբեց խորհրդաժողովի մասնակիցները` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի 25 տարբեր երկիրներէ:
Ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել Արցախի բռնի հայաթափման հետեւանքները, արցախահայութեան հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայ դատի միջազգային հետապնդման, ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ սփիւռքի համախմբուած դերակատարութեան առնչուող լուրջ մարտահրաւէրներ: Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի մէջ արձանագրուող ժողովրդավարական յետընթացը աւելի ակներեւ կը դարձնէ համազգային համախմբման եւ աշխուժութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նիստը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորելու Փարիզի խորհրդաժողովին արդիւնքները, ներկայացնելու վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ քննարկելու հետագայ քայլերը: Համադրող կազմը ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնք իրականացուած են խորհրդաժողովէն ի վեր` ներառեալ չորս կլոր սեղաններու մասնակիցներուն միջեւ կազմակերպուած աշխատանքային հանդիպումները, զեկոյցներու ու համառօտագիրներու պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ մամուլի, ընկերային ցանցերու եւ համայնքային շրջանակներու մէջ արձագանգներու տարածումը:
Նիստի ընթացքին ցուցադրուեցաւ խորհրդաժողովը ամփոփող տեսանիւթը, որ դարձեալ ընդգծեց խորհրդաժողովի նշանակութիւնը եւ անոր շուրջ ձեւաւորուած դրական նոր հեռանկարները:
Քննարկումներուն ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ կլոր սեղաններու վերջնական ամփոփագիրները, որոնք կը վերաբերին սփիւռքի ռազմավարական դերակատարութեան, ազգային ինքնութեան եւ արժէքներու պահպանման, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման եւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքեան զօրաշարժի ամրապնդման հարցերուն:
Յատուկ ներկայացուեցաւ խորհրդաժողովին նուիրուած կայքէջը, ուր պիտի տեղադրուի խորհրդաժողովի ամբողջ արխիւը` զեկոյցները, տեսագրութիւնները, լուսանկարները, յայտարարագիրը, յօդուածները, հարցազրոյցները եւ այլ նիւթեր` ապահովելով կատարուած աշխատանքներու երկարաժամկէտ պահպանութիւնն ու հանրային մատչելիութիւնը:
Ժողովի եզրափակիչ քննարկումը նուիրուեցաւ ապագայ ուղղութիւններուն: Մասնակիցները վերահաստատեցին, որ Փարիզի խորհրդաժողովին մէջ ձեւակերպուած սկզբունքներն ու առաջնահերթութիւնները կը շարունակեն մնալ համահայկական օրակարգի առանցքային բաղադրիչներ, եւ ընդգծեցին համախմբուած, կազմակերպուած ու շարունակական աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը` ի նպաստ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային շահերուն:
Առցանց նիստը եւս մէկ անգամ հաստատեց, որ Փարիզի խորհրդաժողովը ոչ թէ եզակի միջոցառում մը եղած է, այլ սփիւռքի ուժերու համախմբման ընթացքի մը սկիզբը, որ նպատակ ունի միաւորել սփիւռքեան ներուժը եւ զայն ծառայեցնել համազգային ռազմավարական նպատակներու իրականացման:
ՍՓԻՒՌՔԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱԴՐՈՂ ԿԱԶՄ
18 յուլիս 2026