Չորեքշաբթի, 22 յուլիսին, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 44 թեր եւ 7 դէմ քուէներով քուէարկած է Ազրպէյճանին կոչ ուղղելու` անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու բոլոր հայ պատանդները` որդեգրելով «Արտաքին ծառայութեան մասին» թիւ 9087 օրինագիծի բարեփոխումը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Յանձնախումբին կողմէ սատարուող այս բարեփոխումը, որ ներկայացուցած է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ, քոնկրեսական Պրետ Շըրմընը (դեմոկրատական` Քալիֆորնիայէն)` յանձնախումբի նախագահ Պրայըն Մասթի (հանրապետական` Ֆլորիտայէն) աջակցութեամբ, կը հիմնուի 10 յունիսին յանձնախումբին մէջ ատոր բարենպաստ քննարկման վրայ:
«Այսօր Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 44-7 յարաբերակցութեամբ քուէարկեց ի պաշտպանութիւն իմ բարեփոխումիս, որ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ պատերազմական գերիները: Ես հպարտ եմ, որ Քոնկրեսի դիրքորոշումը արձանագրուած է, եւ պիտի շարունակեմ պայքարիլ Ազրպէյճանի կողմէ անարդարօրէն եւ ապօրինաբար պահուող, խոշտանգուած ու բռնութեան ենթարկուած հայերը ազատ արձակելու համար», քուէարկութենէն ետք յայտնած է քոնկրեսական Շըրմըն:
«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրեսական Շըրմընին, նախագահ Մասթին եւ բոլոր անոնց, որոնք քուէարկած են այս խիստ անհրաժեշտ եւ շատոնց ուշացած քայլը ընդունելու օգտին: Յանձնախումբը ճիշդ վարուեցաւ: Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու ազատ արձակումը, Արցախի գաղթականներու անվտանգ վերադարձը եւ ազրպէյճանական բռնագրաւող ուժերու հայկական տարածքէն հեռացումը խաղաղութեան նախապայմաններ են, որեւէ տեւական կարգաւորման անբանակցելի պահանջներ, եւ ոչ թէ Պաքուի համար սակարկութիւններու առարկայ` Հայաստանէն յաւելեալ միակողմանի զիջումներ կորզելու համար», յայտարարած է ՀՅԴ Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան: