Իսրայէլեան բանակի բանբերի յայտարարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուող յայտարարութիւնները բաւական հեռու են իրարմէ թէ՛ մթնոլորտի եւ թէ՛ իրավիճակի առումով: Էլլա Ուաուիէ յայտնեց. «Քաղաքական իշխանութեան ցուցմունքին հիմամբ, այսօր ընթացք առաւ գործադրութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ «անվտանգ գօտի» խորագիրով փորձնական նախագիծի մը` գործակցութեամբ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան բանակին»:
Ըստ անոր, փորձնական ծրագիրի ծիրին մէջ, իսրայէլեան պաշտպանութեան բանակի, Միացեալ Նահանգներու բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան բանակի խումբերը «համաձայնութեան գործադրութիւնը շարունակելու համար համակարգման գործողութիւններ ու ծրագրաւորում կը կատարեն»:
Այստեղ յստակ ակնարկ կայ եռակողմ մեքանիզմի մը, որ անվտանգութեան մակարդակի վրայ համակարգում կը կատարէ: Անհասկնալին «անվտանգ գօտի» ձեւակերպումին տակ թաքնուած յղացքն է: Մինչեւ հիմա անվտանգութեան գօտին Իսրայէլի համար զուտ իր վերահսկողութեամբ անմարդաբնակ տարածք էր հարաւային Լիբանանի մէջ: Սահմաններու պատկերացումներու փոփոխութիւններով հանդերձ ա՛յս կը նշանակէր անվտանգութեան գօտի: Հիմա այդ տարազին տակ փորձ կը կատարուի փորձնական ծրագիրի շրջագիծին մէջ տեղադրել ծրագրաւորուած եւ գործադրուող գործողութիւնները:
Այս եռակողմը սկզբունքով պիտի նշանակէր լիբանանեան ուժերու տեղակայում Իսրայէլի կողմէ հետզհետէ ապաբռնագրաւուող տարածքներու մէջ: Փոփոխական այս յայտարարութիւնները կը մշուշապատեն ճանապարհային քարտէսը: Քարտէս մը, որ ըստ ուաշինկթընեան հանդիպումներէն ետք հնչող յայտարարութիւններուն, պէտք է ունենայ երեք ուղղութիւն:
Ա.- Լիբանանեան բանակի վերականգնողական աշխատանքներ` զանազան տեսակի օժանդակութիւններու տեսքով:
Բ.- Լիբանանեան բանակի տեղակայում դէպի իսրայէլեան հեռացող ուժերու գրաւած դիրքեր:
Գ.- Զէնքի մենաշնորհում:
Մնացեալը ածանցեալ խնդիրներ են: Առկայ է ամերիկեան երաշխաւորութիւնը. աւելի ճիշդը` ղեկավարումն ու համակարգումը այս ուղղութիւններուն վրայ իրականանալի բոլոր գործողութիւններուն:
Այստեղ նշուած երեք ուղղութիւններու հերթականութիւնը տարբեր է ուաշինկթընեան փոխըմբռնումներուն մէջ: Երրորդը առաջնային է, մինչ միւսները` փուլային: Նոյնիսկ վերանայելի, եթէ լիբանանեան բանակը չյաջողի կատարել իրմէ ակնկալուած առաքելութիւնը: Եթէ երրորդը կատարուի, եւ մինչ այդ նկատուին բացթողումներ լիբանանեան բանակին վստահուած գործառոյթներուն մէջ, ապա կը կասեցուին հեռացումը եւ նոյնիսկ բանակին տրուելիք օժանդակութիւնները:
Նման համաձայնութիւններու մէջ կարեւոր են փուլայինի եւ փաթեթայինի տարբերութիւնները: Կարեւոր են նաեւ կէտերու առաջնահերթութիւնները: Նոյնքան կարեւոր` երաշխաւորին ստանձնած լիազօրութիւններուն եւ դերակատարութեան իրազեկ դառնալը եւ ըստ այնմ իրադարձութիւններուն գնահատական տալը:
«Ա.»