18 Յուլիս 2026-ին Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Համադրող Կազﬕն նախաձեռնթեամբ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 2026 11-12 Ապրիլ 2026-ին գումարած խորհրդաժողովին յաջորդող առցանց նիստը, որ համախմբեց խորհրդաժողովի մասնակիցները՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 25 տարբեր երկիրներէ։
Ժողովը գումարեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ ժողովրդը կը շարունակէ դիմագրաւել Արցախի բռնի հայաթափման հետեւանքները, արցախահայութեան հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայ Դատի ﬕջազգային հետապնդման, ազգային հոգեւոր արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի համախմբուած դերակատարութեան առնչուող լուրջ մարտահրաւէրներ։
Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի մէջ արձանագրուող ժողովրդավարական յետընթացը աւելի ակներեւ կը դարձնէ համազգային համախմբման եւ աշխուժութեան անհրաժեշտութիւնը։ Նիստը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորելու Փարիզի խորհրդաժողովին արդիւնքները, ներկայացնելու վերջին երեք աﬕսներու ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ քննարկելու հետագայ քայլերը։
Համադրող Կազմը ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնք իրականացած են խորհրդաժողովէն ի վեր՝ ներառեալ չորս կլոր սեղաններ մասնակիցներուն ﬕջեւ կազմակերպուած աշխատանքային հանդիպուﬓերը, զեկոյցներու համառօտագրերու պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ մամուլի, ընկերային ցանցերու եւ համայնքային շրջանակներու մէջ արձագանգներու տարածումը։
Նիստի ընթացքին ցուցադրուեցաւ խորհրդաժողովը ամփոփող տեսանիւթը, որ դարձեալ ընդգծեց խորհրդաժողովի նշանակութիւնը եւ անոր շուրջ ձեւաւորուած դրական նոր հեռանկարները։ Քննարկուﬓերու ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ կլոր սեղաններ վերջնական ամփոփագրերը, որոնք կը վերաբերին Սփիւռքի ռազմավարական դերակատարութեան, ազգային ինքնութեան եւ արժէքներու պահպանման, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման եւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքեան զօրաշարժի ամրապնդման հարցերուն։
Յատկապէս ներկայացուեցաւ խորհրդաժողովին նուիրոպած կայքէջը, որ պիտի տեղադրի խորհրդաժողովի ամբողջ արխիւը՝ զեկոյցները, տեսագրութիւնները, լուսանկարները, յայտարարագիրը, յօդուածները, հարցազրոյցները եւ այլ նիւթեր՝ ապահովելով կատարուած աշխատանքներու երկարաժամկէտ պահպանութիւնն հանրային մատչելիութիւնը։ Ժողովի եզրափակիչ քննարկումը նուիրեցաւ ապագայ ուղղութիւններուն։
Մասնակիցները վերահաստատեցին, որ Փարիզի խորհրդաժողովին մէջ ձեւակերպուած սկզբունքներուն առաջնահերթութիւնները կը շարունակեն ﬓալ համահայկական օրակարգի առանցքային բաղադրիչներ, եւ ընդգծեցին համախմբուած, կազմակերպուած շարունակական աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային շահերուն։
Առցանց նիստը եւս մէկ անգամ հաստատեց, որ Փարիզի խորհրդաժողովը ոչ թէ եզակի ﬕջոցառում մը եղած է, այլ սփիւռքի ուժերու համախմբման ընթացքի մը սկիզբը, որ նպատակ ունի ﬕաւորել սփիւռքեան ներուժը եւ զայն ծառայեցնել համազգային ռազմավարական նպատակներու իրականացման։
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի
Համադրող Կազմ
18/07/2026