Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսայի հետ Զաութար Ղարպիէ այցելելով գիւղի հրապարակին վրայ լիբանանեան դրօշ զետեղեց, ապա խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Ասիկա ազգային պահ մըն է, որ քաղաքական ու բարոյական մեծ իմաստ կը կրէ, որովհետեւ մեր հողերէն իսրայէլեան հեռացման սկիզբը կը ներկայացնէ»:
«Սկիզբէն շեշտեցինք, թէ մեր նպատակը մեր հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացումն է, եւ այն, ինչ որ այսօր կը տեսնենք, միայն սկիզբն է: Սակայն վճռակամ ու հաստատակամ ենք, եւ պիտի շարունակենք մեր քաղաքական ու դիւանագիտական բոլոր ջանքերը զօրաշարժի ենթարկել` լիբանանեան բոլոր հողերէն ամբողջական հեռացումը ապահովելու համար, եւ առաջին պատգամս այս է», ըսաւ ան:
«Իսկ երկրորդ պատգամս Հարաւային Լիբանանի մեր ժողովուրդին է: Մենք այստեղ ենք ընդգծելու, թէ սկսանք պետութեան բոլոր կարելիութիւնները յատկացնել ձեր վերադարձը ապահովելու: Լիբանանեան բանակն ու ապահովական ուժերը ներկայ են վերադարձող մեր ժողովուրդը պաշտպանելու, եւ բանակի տեղակայման ամբողջացման զուգահեռ, պիտի շարունակենք ճամբաները բանալ, աւերակները վերցնել եւ հիմնական ծառայութիւնները ապահովել, ինչ որ մեր ժողովուրդին կ՛արտօնէ իրենց տուներ ու գիւղեր անվտանգ ու արժանապատիւ կերպով վերադառնալ», աւելցուց վարչապետը:
«Սկսանք վերականգնումը պատրաստել հիմնական ծառայութիւններու` ջուրի, ելեկտրականութեան եւ հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանիլ պատրաստ տուներ, եւ փոխանցման փուլի ապահովման համար ամէն անհրաժեշտ բան ապահովելու», ըսաւ ան:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ կեանքի վերականգնումը պարզապէս կարգախօս մը չէ, այլ ազգային նպատակ մը, որուն յանձնառու է պետութիւնը: Մեր ժողովուրդին իրենց հողեր վերադարձը Լիբանանի միասնութեան ու գերիշխանութեան ամէնէն ճշգրիտ արտայայտութիւնն է», նշեց Սալամ: