Ռուպիօ. «Հըզպալլան Սուրիոյ Կառավարութեան Վտանգ Կը Ներկայացնէ Եւ Անոր Թշնամին Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Ֆիլիփեան կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ ԱՍԷԱՆ-ի ժողովի ծիրին մէջ յայտարարեց. «Հըզպալլան Սուրիոյ կառավարութեան վտանգ կը ներկայացնէ, անոր թշնամին է եւ կը փորձէ զայն խաթարել»:

«Չինաստանը Իրանի մէջ պատերազմի ընթացքը փոխող ոչինչ ըրաւ, եւ կարգ մը պարագաներու գործակցող էր», ըսաւ ան` նշելով. «Իրան կարեւոր ջրային անցքի մը մէջ առեւտրական երթեւեկը կը թիրախաւորէ, եւ կան պետութիւններ, որոնք ատկէ ազդուեցան»:

«Իրանի հետ դիւանագիտական կարգաւորման կ՛ուզենք հասնիլ», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք Իրանի հետ հասնիլ դիւանագիտական լուծումի մը, որ անոր հիւլէական զէնք չունենալը կ՛երաշխաւորէ»:

«Իրանեան վարչակարգին նկատմամբ վստահութեան պակաս գոյութիւն ունի, եւ փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրուելէն նուազ քան երկու շաբաթ ետք խախտուեցաւ», աւելցուց ան:

«Հուսիներու ծովային շրջափակումով սպառնալը խնդիր է, եւ Իրանն է, որ խնդիրները կը հրահրէ», ըսաւ Ռուպիօ:

 

 

Leave a Comment