Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան վերջին օրը Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատի կողմէ իր պատուոյն դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ընթրիքի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի զինաթափումը կարելի է, եթէ անկեղծ ենք ատոր իրագործման համար իրապէս պահանջուածին նկատմամբ, այսինքն` բռնագրաւումի վերացում, բանակին կողմէ ամբողջական վերահսկողութեան ստանձնում եւ միայն պետութեան կողմէ կառավարուող վերաշինութեան ծրագիր»:
«Ինծի համար պատիւ է ըլլալ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ պետութեան մը միակ քրիստոնեայ ղեկավարը, եւ ես ասիկա չեմ ըսեր իբրեւ անձնական իւրայատկութիւն, այլ որովհետեւ անիկա կ՛արտացոլէ Լիբանանի համակեցութեան եզակի բնորդը, համակարգ մը, որ իսկապէս կրնայ յաջողութեան հասնիլ սերունդէ-սերունդ, հակառակ պատմութեան վատագոյն զարգացումներուն: Ասիկա բան մըն է, որ կ՛արժէ պաշտպանել: Ոչ միայն յանուն Լիբանանին, այլեւ` յանուն շրջանին, եւ անիկա արժանի է պաշտպանութեան, որովհետեւ հիմնուած է այն նոյն հիմքին վրայ, որուն վրայ դուք կառուցած էք ձեր պետութիւնը:
«Շուրջ հարիւր տարիէ ի վեր Լիբանանը ժողովրդավարական երկիր է: Բռնագրաւումի, քաղաքացիական պատերազմի եւ տնտեսական փլուզման մէջ, մեր ժողովուրդը երբեք չէ դադրած քուէարկելէ, երբեք չէ դադրած քննարկելէ, երբեք չէ դադրած հաւատալէ, թէ զինք ղեկավարողը ընտրելը իր իրաւունքն է: Մեր ժողովրդավարութիւնը փորձուած է այնպիսի ձեւով, որ որեւէ այլ ժողովրդավարութիւն հազուադէպօրէն փորձուած է: Կռացաւ, սակայն երբեք չկոտրուեցաւ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան ըսաւ, որ լիբանանեան բանակին մէջ իր 42-ամեայ ծառայութեան ընթացքին իր մօտ գոյացած է այն համոզումը, թէ Լիբանանը անվտանգ կրնայ ըլլալ, միացեալ կրնայ ըլլալ միայն անխտիր բոլոր լիբանանցիները պաշտպանող մէկ բանակով մէկ պետութիւն ըլլալով` աւելցնելով. «Այս համոզումը ինծի համար պարզապէս կարգախօս մը չէ, այլ նախագահութեանս առաքելութիւնը, որուն միջոցով պատասխանատուութիւն կը կրեմ այս պատերազմին վերջ տալու, ընտանիքներուն իրենց բնակութեան վայրեր վերադառնալ օգնելու, ընկերութիւնները վերակառուցելու, ապագային յոյսով նայելու, Իսրայէլի հետ թշնամանքի իրավիճակին վերջնականապէս վերջ տալու եւ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը ամրապնդելու: Այս պատասխանատուութիւնն է, որ զիս այսօր Ուաշինկթըն բերած է: Կը կարծեմ, թէ տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պատմութեան կերտման իսկական առիթ մը ունինք»:
«Այսպիսի պահեր միայն իւրաքանչիւր սերունդ անգամ մը կը կրկնուին: Ժողովուրդները կա՛մ անոնց արժէքին կը գիտակցին, կա՛մ ալ այլ սերունդ մը կ՛անցնի` զղջալով, որ չկատարեց: Շուրջ 50 տարիէ ի վեր Լիբանանը թատերաբեմ էր ուրիշներու հակամարտութիւններու եւ շահերու` պաղեստինեան, սուրիական, իսրայէլեան, իրանեան, եւ այո՛, երբեմն նաեւ մեր հակամարտութիւններուն: Սակայն այսօր նոր բան տեղի կ՛ունենայ: Պատահական կամ բաղդով չէ, այլ ընտրանքով, մեր ընտրանքով», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:
«Նախ եւ առաջ, Լիբանանի մէջ. իշխանութիւնը ստանձնելէ ի վեր պետութիւնը վճռականօրէն աշխատած է մէկ նպատակի ուղղութեամբ` մէկ պետութիւն, մէկ բանակ եւ պետութեան շրջագիծէն դուրս գործող անօրինական զինեալ խմբաւորումներու վերացում: Մենք կը ձգտինք իրական բարեփոխումներու, կ՛աշխատինք փտածութիւնը վերացնելու եւ վերականգնելու ուղղութեամբ այնպիսի հաստատութիւններ, որոնց լիբանանցի ժողովուրդը կրնայ վստահիլ», ըսաւ ան:
«Երկրորդ, մեր շրջապատին վերաբերեալ. մենք գիտակից որոշում տուած ենք վերականգնելու շրջանին եւ աշխարհի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները եւ վերադասաւորելու Լիբանանը այնտեղ, ուր անիկա պէտք է ըլլայ` ոչ թէ իբրեւ ուրիշներու օրակարգերու թատերաբեմ, այլ` իբրեւ գերիշխան պետութիւն, որ կը մերժէ որեւէ կողմէ որեւէ ձեւի միջամտութիւն:
«Այս ընտրութիւնը մեզի նոր աջակցութիւն ապահոված է արաբական աշխարհի եւ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող բարեկամներու կողմէ: Այս փոխակերպումը ամէնէն ակնյայտ կերպով կ՛երեւի մեր դրացի Սուրիոյ պարագային: Մենք Դամասկոսի հետ յարաբերութիւններ կը կառուցենք այնպէս, ինչպէս միշտ պէտք էր ըլլար` բացառիկ, պետութենէ պետութիւն յարաբերութիւններ` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի, գերիշխանութեան եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու վրայ: Մեզմէ ոչ ոք կ՛ուզէ կրկնել անցեալի մէջ նման միջամտութիւններու պատճառով յառաջացած ողբերգութիւնները, որոնք կրնային անկայունացնել ոչ միայն Լիբանանը, ոչ միայն Սուրիան, այլ նաեւ ամբողջ շրջանը», յայտնեց Աուն:
«Երրորդը` Միացեալ Նահանգներն են. նախագահ Թրամփի ղեկավարութեամբ եւ անոր վարչակազմին կողմէ անցեալ տարուան յունիսին միջնորդուած Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ եռակողմ շրջագիծի միջոցով մենք այժմ ունինք տասնամեակներու ընթացքին Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ ամերիկեան լրջագոյն յանձնառութիւնը:
«Այս շրջագիծը պատահականօրէն ձեռք չէ բերուած. անիկա տեղի ունեցած է, որովհետեւ ձեր վարչակազմը ատոր վրայ պնդած է, եւ որովհետեւ Լիբանանը պատրաստ էր զայն իրականութիւն դարձնելու: Եւ ինծի հաւատացէ՛ք, հազուադէպ կը պատահի, որ ներքին կամքը, շրջանային աջակցութիւնը եւ ամերիկեան առաջնորդութիւնը միեւնոյն պահուն կը համընկնին: Այս գիշեր անոնք կը համընկնին», աւելցուց ան:
«Ուաշինկթըն եկայ, որովհետեւ այսպիսի առիթներ շատ չեն գար: Սակայն քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը մեզի առիթ կու տայ: Այն, որուն այժմ կարիքը ունինք, զայն իրագործելու համար բաւարար հզօր հաստատութիւն մըն է, եւ լիբանանեան բանակը այն հաստատութիւնն է, որ այս գիշեր ամբողջ նկարագրածիս ծանրութիւնը կը կրէ», ըսաւ Աուն:
«Թոյլ տուէ՛ք ուղղակիօրէն անդրադառնալու այն հարցումին, որ, ինչպէս գիտեմ, այսօր բոլորի միտքին մէջ է. արդեօք Հըզպալլայի զինաթափումը իրականութեան մէջ կարելի՞ է: Այո՛, սակայն միայն այն պարագային, եթէ մենք անկեղծ ըլլանք, թէ իրականութեան մէջ ատիկա ի՛նչ կը պահանջէ: Զինեալ խումբը, որուն մասին մենք կը խօսինք, օտարերկրեայ վարձկան ուժ չէ. անիկա կազմուած է Լիբանանի քաղաքացիներէն, որոնք քառասուն տարուան ընթացքին գաղափարախօսական, ընկերային եւ զինուորական մակարդակներու վրայ զանգուածային եւ շարունակական ներդրման միջոցով ձեւաւորած են կառավարութեան վերահսկողութենէն դուրս գործող ոչ պետական զինեալ խումբ: Այս իրականութիւնը նպատակը նուազ հրատապ չի դարձներ, սակայն մեթոտը աւելի կարեւոր կը դարձնէ(…) Հարցը կը սկսի վերացումովը այն արմատական պատճառին, որ Հըզպալլան միշտ նշած է իբրեւ իր գոյութեան արդարացում` Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի տարածքի բռնագրաւումը: Անիկա կը շարունակէ լիբանանեան բանակին կողմէ լիակատար եւ բացառիկ գործառնական վերահսկողութեան ստանձնումով, ինչ որ կը պահանջէ անյապաղ եւ անվերապահ աջակցութիւն մեր զինուորական ուժերուն` այս երկրի միակ օրինական պաշտպաններուն:
«Անիկա կ՛աւարտի վերահամարկումով. վերակառուցման ծրագիր, որ կը կառավարուի բացառապէս լիբանանեան պետութեան կողմէ` զուգորդուած իրական տնտեսական կարելիութիւններու հետ, որպէսզի զէնքը այլեւս միակ տարբերակը չըլլայ, այլ անոր եւ իր խոստումները կատարող գործող պետութեան միջեւ ընտրութիւն ըլլայ: Հարցը պարզ է. քաղաքական ուղին առանց տնտեսականի կը յանգեցնէ պետութեան մը, որ չի կրնար մրցակցիլ: Ուժեղ պետութիւնը միակ այլընտրանքն է այն բացին, որ, եթէ պետութիւնը չլեցնէ, ուրիշները պիտի ստանձնեն այդ պատասխանատուութիւնը»:
«Այս գործընթացի իւրաքանչիւր փուլին Լիբանանի պետութիւնը պէտք է ըլլայ այն կողմը, որ իր տարածքին մէջ իր իշխանութիւնը կը տարածէ, իր սահմաններուն կը վերահսկէ եւ իր հողերուն վրայ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումին մենաշնորհը ունի: Այս է այն ուղին, որ ես ընտրեցի, այն ուղին, որ Ուաշինկթըն եկայ, որպէսզի խնդրեմ, որ մեզի հետ ընթանաք», յայտնեց նախագահ Աուն:
Ընթրիքին ներկայ էին Քոնկրեսի անդամներ եւ ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարներ, ինչպէս` ուժանիւթի նախարար Քրիս Ռայթը, Միջազգային դրամատան պետ Աժայ Պանկան, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ճէյմս Ռիչը եւ Ծերակոյտի ու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ: