Թրամփ Քանատայի Դէմ Նոր Մաքսատուրքեր Սահմանեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Քանատայէն ներածուող շարք մը ապրանքներու վրայ 50 առ հարիւրի մաքսատուրքերու սահմանումը:

Սպիտակ տունը այս որոշումը ստորագրած է` զայն Օթաուայի կողմէ ամերիկեան արտադրութեան նկատմամբ «խտրական վերաբերմունքին պատասխանելու անհրաժեշտութեամբ» պատճառաբանելով:

Ամերիկեան սահմանափակումներու տակ յայտնուած քանատական ապրանքներու շարքին են շարք մը լայն սպառման ապրանքներ, որոնց շարքին գինին:

Թրամփի հաստատած մաքսատուրքերը առայժմ պիտի չտարածուին Քանատայէն ներածուող շարք մը այլ ապրանքատեսակներու` ներառեալ ուժանիւթի, պարարտանիւթերու եւ ձկնամթերքի վրայ:

Միւս կողմէ, «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, Թրամփ կը պատրաստուի այս շաբաթ տասնեակներով պետութիւններու վրայ նոր մաքսատուրքեր հաստատելու:

 

Leave a Comment