«Զանգեզուրի միջանցք»-ի գործարկումէն ետք Ազրպէյճանէն Եւրոպա բեռնափոխադրումներու հեռաւորութիւնը, գումակային ծախսերը եւ սահմանային անցումներու քանակը պիտի կրճատուին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ազրպէյճանի միջազգային ճանապարհային փոխադրողներու ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար Քանան Կուրպանով:
Ան նշած է, որ միջանցքի գործարկումէն ետք հիմնական առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ սահմանային ընթացակարգերու երթուղիի երկայնքին առաւելագոյն պարզացումը եւ թուայնացումը, ինչպէս նաեւ այլ փոխադրամիջոցային երթուղիներու մէջ օգտագործուող նորարարական լուծումներու համարկումը:
Ներկայիս կը սպասուի հոլովոյթի աւարտին, որմէ ետք բեռնափոխադրումներու ոլորտին մէջ զգալի դրական փոփոխութիւններ պիտի ըլլան: