Թուրքիոյ զինեալ ուժերու պաշտօնաթող գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պիւյիւքպաշ կը պնդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ 2016 թուականին մահափորձ կը նախապատրաստուէր Եգիպտոսի նախկին նախագահ Անուար Սատաթի` 1981 թուականի սպանութեան բեմագրութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Զօրավարին համաձայն, 15 յուլիս 2016-ին կատարուած պետական յեղաշրջման փորձէն քիչ առաջ Թուրքիոյ նախագահը պէտք էր մասնակցէր զինուորական ռազմափորձերու, սակայն ծրագիրը չեղեալ նկատուած էր` կասկածելի գործունէութիւն յայտնաբերելէ ետք: Պիւյիւքպաշ կը պնդէ, որ աւելի ուշ պարզուած է, որ Էրտողանի դէմ մահափորձը ծրագրաւորուած էր 1981 թուականին Գահիրէի մէջ զինուորական շքերթի ժամանակ Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթի սպանութեան նմանութեամբ:
«Մինչեւ յեղաշրջման փորձը նախագահ Էրտողանի դէմ քանի մը մահափորձ կը նախապատրաստուէր», «Ենի Աքիթ» օրաթերթը կը մէջբերէ Պիւյիւքպաշի խօսքերը:
Պաշտօնաթող զօրավարին տուեալներով` յեղաշրջման փորձէն երեք ամիս առաջ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած ՖԵԹՕ կազմակերպութեան կողմնակիցները եւս ծրագրած էին նախագահը Մարմարիսի մէջ առեւանգել, հասցնել «Տալաման» օդակայան, նստեցնել օտարերկրեայ օդանաւային ընկերութեան օդանաւ եւ այնտեղ սպաննել:
Պիւյիւքպաշի պնդումով` հետաքննութեան նիւթերուն մէջ գոյութիւն ունի զուիցերիական «Ալթինաթի Էրոնոթիքս» ընկերութեան օդանաւը, որ շտապ թռիչք առնելու արտօնութիւն խնդրած էր Էրտողանի` «Տալաման» ժամանելէն քիչ առաջ եւ չեղեալ նկատուած թռիչքը նախագահի կողմէ օդակայանը լքելէն անմիջապէս ետք: Զօրավարը նաեւ աւելցուցած է, որ գործին մէջ կը նշուին այդ օդանաւի օտարերկրեայ ճամբորդներու մասին, որոնք այնուհետեւ լքած են Թուրքիան:
Յիշեցնենք, որ 15 յուլիս 2016-ի գիշերը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ պետական յեղաշրջման փորձ մը, որուն պատճառով աւելի քան 250 զոհ արձանագրուեցաւ: