Պըռնհամ Թրամփին Կը Վստահեցնէ, Որ Լոնտոն Յանձնառու Պիտի Ըլլայ Հորմուզի Նեղուցի Պաշտպանութեան Ու Վերաբացման

Բրիտանիոյ վարչապետ Էնտի Պըռնհամի գրասենեակը նշեց, որ Բրիտանիոյ նոր նշանակուած վարչապետը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին վստահեցուցած է, թէ «Լոնտոն յանձնառու պիտի ըլլայ Հորմուզի նեղուցի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան եւ անոր վերաբացման պիտի օգնէ:

Բրիտանիոյ կառավարութեան բանբերը, անդրադառնալով վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն կարճ ժամանակ ետք Թրամփի հետ անոր հեռաձայնային հաղորդակցութեան, յայտնեց. «Վարչապետը հաստատեց պաշտպանութեան ու անվտանգութեան իր յանձնառութիւնը, եւ ըսաւ, թէ Բրիտանիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն անվտանգութեան երաշխաւորումը իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է»:

«Թրամփ Միջին Արեւելքի կացութեան վերջին զարգացումները ներկայացուց, իսկ վարչապետը բացատրեց Բրիտանիոյ յանձնառութիւնը` ապահովելու Հորմուզի նեղուցին մէջ ծովային նաւարկութիւնը` համաշխարհային մատակարարման շղթաներուն աջակցելու եւ երկրի ամբողջ տարածքին մէջ ընկերութիւններու ու տնային տնտեսութիւններու ծախսերը կրճատելու համար»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին նշեց, որ Բրիտանիոյ նոր վարչապետին հետ «շատ լաւ զրոյց մը» ունեցած է` բարձր գնահատելով Ուաշինկթընն ու Լոնտոնը իրար կապող «իւրայատուկ» յարաբերութիւնը` նշելով, որ մօտ օրէն հանդիպում պիտի ունենան:

«Բրիտանիոյ վարչապետը կը գտնուի մեծ առաքելութեան առջեւ, սակայն կարող պիտի ըլլայ զայն իրագործելու, եւ անշուշտ Միացեալ Նահանգները ներկայ պիտի ըլլան օգնելու», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Թրամփ աւելցուց, որ իրենք զրոյցի ընթացքին քննարկած են առեւտուրը, զինուորական գործակցութիւնն ու Հորմուզի նեղուցի ականազերծումը ներառող հարցեր:

Միւս կողմէ, Քրեմլին յայտարարեց. «Մոսկուան Պըռնհամի Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն ետք Լոնտոնի հետ յարաբերութիւններու բարելաւում չի նախատեսեր»:

 

Leave a Comment