Ըմբշամարտ. Հայկ Խլոյեան Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Հայկ Խլոյեան նուաճեց պրոնզէ մետալ «Եու. Տապըլեու. Տապըլեու. 2026» դասաւորման շարքի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Պուտափեշտի (Հունգարիա) մէջ:

Մինչեւ 97 քկ կշիռի կարգի մրցումներուն, Խլոյեան յաջողութեամբ կատարեց մրցաշարքի իր առաջին գօտեմարտը: 1/8-րդ աւարտականին հայ ըմբիշը 7-1 արդիւնքով յաղթեց Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչ Ուզուր Ջուզուպբեկովին:

Քառորդ աւարտականին Խլոյեան ճակատեցաւ հունգարացի Ալեքս Սժոկէին դէմ: Մենամարտը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, սակայն լրացուցիչ չափանիշներով յաղթանակը շնորհուեցաւ Սժոկէին:

Զտումի մրցումին Հայկ Խլոյեան մրցեցաւ գերմանացի Լուքաս Լազոկիանիսի դէմ եւ 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իրաւունք ստացաւ պայքարելու պրոնզէ մետալին համար:

Խլոյեան պէտք էր մրցէր ռուս Մուսա Եւլոյեւի դէմ, սակայն վերջինս վիրաւորուած ըլլալով չկրցաւ մասնակցիլ գօտեմարտին, որուն պատճառով Խլոյեան դարձաւ Պուտափեշտի մրցաշարքի պրոնզէ մետալակիր:

Նշենք, որ վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին, Խլոյեան յաղթած էր Եւլոյեւին 3-2 արդիւնքով:

Ոսկիէ մետալակիր դարձաւ հունգարացի Սժոկէն, որ աւարտականին 6-1 արդիւնքով յաղթեց ռուս Իլիա Երմոլենքոյին:

Նշենք, որ Հայաստան այս մրցաշարքին մասնակցած էր երկու ըմբիշներով: 67քկ կշիռի կարգին մէջ Սլաւվիկ Գալստեան գրաւեց 5-րդ դիրքը, եւ ինչպէս նշեցինք, Խլոյեան` պրոնզէ մետալ, 97 քկ կշիռի կարգին մէջ:

 

Leave a Comment