Ռուպիօ. «Նախագահ Աունի Հետ Ժողովը Չափազանց Դրական Էր»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կիրակի օր իր գումարած ժողովը «չափազանց դրական էր»:

«Օրինական կառավարութեան հետ պիտի աշխատինք, եւ ոչ թէ Հըզպալլայի եւ Իրանի», շեշտեց Ռուպիօ` աւելցնելով. «Լիբանանի նախագահին հետ Թրամփի ժողովը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ»:

Ան այս մասին երէկ յայտնեց Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան` ԱՍԷԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու համար Ֆիլիփեան կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլա մեկնելէն առաջ:

«Նախագահ Աունը Թրամփի հետ շատ դրական ժողով մը պիտի գումարէ, եւ կը կարծեմ, թէ Աուն պիտի կարենայ Լիբանան վերադառնալ եւ լիբանանցի ժողովուրդին ըսել, թէ ինքն է, որ բոլոր լիբանանցիներուն համար, ներառեալ քրիստոնեաները, սիւննիները, շիիներուն, պետեւիները եւ տիւրզիները դրական արդիւնքներ կ՛իրագործէ», նշեց Ռուպիօ:

Անդրադառնալով Իրանի հարցին` ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Միացեալ Նահանգները տակաւին Իրանի հետ դիւանագիտական լուծումի մը նկատմամբ դրական տրամադրուած են, հակառակ 9-րդ գիշերն ըլլալով իրանեան թիրախներու վրայ օդային հարուածները շարունակելուն:

«Իրանի հետ շարունակ փորձեցինք եւ պիտի շարունակենք փորձել: Եթէ այդ դուռը բացուի, շատ ուրախ կ՛ըլլանք», ըսաւ ան:

Ռուպիօ քննադատեց նաւերու վրայ իրանեան յարձակումներն ու Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման խոչընդոտումը` նշելով, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրը չի կրնար ի զօրու մնալ, եթէ Իրան շարունակէ անոր յօդուածները խախտել:

«Անոնք կը շարունակեն նշաններ յղել, թէ երկխօսութիւն եւ բանակցութիւն կ՛ուզեն, սակայն կը հակադարձենք անոնց վարմունքին, որ նաւերու վրայ հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու արձակումն է, ներառեալ այս գիշեր», ըսաւ ան:

Պատասխանելով դիւանագիտական ջանքերու ձախողման մասին հարցումի մը` ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Չեմ կարծեր, որ ատիկա Իրանի շահերէն կը բխի, որովհետեւ անոնց տնտեսութիւնը շատ ցաւալի վիճակի մէջ է»:

Ռուպիօ նաեւ անդրադարձաւ հիւսիսային Իրաքի մէջ ամերիկացի զինուորի մը սպանութեան հանգամանքներուն` ընդգծելով, որ անիկա պատահական դէպք մըն էր, եւ զինուորը վիրաւորուած է վար առնուած իրանեան անօդաչու թռչող սարք մը կազմաքանդելու ընթացքին:

Ինչ կը վերաբերի Յորդանանի մէջ ամերիկացի երկու զինուորներու սպանութեան, Ռուպիօ ըսաւ, թէ հրթիռ մը յաջողած է օդային պաշտպանութենէն անդին թափանցել` նշելով. «Հրթիռ մը անցաւ… ողբերգական հարց է»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը եզրափակեց յայտնելով, որ շուրջ հինգ ամիսներէ ի վեր Իրանի հետ պատերազմի ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը բարձրացած է 17-ի:

Leave a Comment