Ուաշինկթըն. «Այսօր Ֆրուն, Սրիֆա Եւ Զաութար Ղարպիէ Գիւղերուն Մէջ Սկսան Փորձնական Շրջաններու Գործադրութեան Գործողութիւնները»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Այսօր, եռակողմ շրջագիծի եւ Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգումի խումբի հովանաւորութեան տակ, հարաւային Լիբանանի Ֆրուն, Սրիֆա եւ Զաութար Ղարպիէ գիւղերուն մէջ սկսան փորձնական շրջաններու գործադրութեան գործողութիւնները»:

«Այս ձեռքբերումը ուղղակի արդիւնք է այն քննարկումներուն, որոնք անցեալ շաբաթ Հռոմի մէջ տեղի ունեցան Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ: Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն կողմերուն հետ սերտօրէն աշխատիլ գործադրելու շրջագիծը` մինչեւ զայն յաջողութեամբ ամբողջացնելը», նշեց նախարարութիւնը:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, որ «իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանանի մէջ փորձնական շրջաններէն հեռացումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի օր»:

 

 

Leave a Comment