Դաւիթ Մանուկեան Ազրպէյճանական Բանտէն Դիմած Է Նիկոլ Փաշինեանին

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան ազրպէյճանական բանտէն դիմած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Շուրջ 3 տարիէ ի վեր գերութեան մէջ գտնուող նախկին բարձրաստիճան զինուորականը յորդորել է Փաշինեանին դիրքորոշում յայտնելու իրենց առաջադրուած այն մեղադրանքին վերաբերեալ, համաձայն որուն, իբրեւ թէ Հայաստանը ծրագրաւորած եւ նախապատրաստած է 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը` հակառակ անոր որ, ինչպէս կը նշէ Մանուկեանը, իրենք ներկայացուցած են «անհերքելի ապացոյցներ եւ փաստեր», որ պատերազմը սանձազերծած է նոյնինքն Ազրպէյճանը, եւ ատիկա տեղի է ունեցած է միջազգային հանրութեան աչքի առջեւ:

«Քանի որ դուք եղած էք այն ժամանակ Հայաստանի վարչապետը եւ միաժամանակ գերագոյն հրամանատարը, իսկ պատերազմի ծրագրաւորումը կը սկսի նոյնինքն այդ օղակէն, կը յորդորեմ յստակ այդ մեղադրանքներուն մասով հանրային ներկայացնել ձեր դիրքորոշումը: Չարձագանգելու պարագային այդ կը նշանակէ, որ համաձայն էք առաջ քաշուած կեղծ մեղադրանքներուն` ատով մեղսակից դարձնելով ոչ միայն ձեզ, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը», նշած է ան:

Ազրպէյճանական բանտին մէջ շուրջ 3 տարուան գերութենէ ետք առաջին անգամ յղած իր հեռախօսային ուղերձին մէջ Դաւիթ Մանուկեան նաեւ կը յորդորէ Նիկոլ Փաշինեանին ըսելու, թէ Հայաստան ի՛նչ դիրքորոշում ունի ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող հայերու կարգավիճակին վերաբերեալ:

«Ցաւալի է, որ այստեղ գտնուողները չեն զգար Հայաստանի շունչը, բայց ինչ ըրած, իրականութիւնը այս է», ընդգծած է ան:

 

Leave a Comment