Ռուսիա Ուքրանիան Կը Հարուածէ Մեծագոյն Թիւով Հեռահար Հրթիռներով

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը երէկ յայտարարած է, որ Ռուսիա Ուքրանիոյ դէմ իրականացուցած է պատերազմի սկիզբէն ի վեր ամէնէն մեծ հեռահար հրթիռային յարձակումը:

«Ռուսիան պատերազմի սկիզբէն ի վեր կիրարկեց հեռահար հրթիռներու մեծագոյն քանակը` մօտ չորս տասնեակ` Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին դէմ իրականացուած դաժան ահաբեկչական յարձակման ընթացքին, որուն պատճառով մարդիկ զոհուեցան եւ վիրաւորուեցուն», «Էքս»-ի մէջ գրած է Անտրիյ Սիպիհա:

Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւին եւ մերձակայ տարածքներուն ռուսական հրթիռային յարձակման պատճառով առնուազն մէկ մարդ զոհուած է, 13-ը` վիրաւորուած, քաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ հրդեհ բռնկած է, գրած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ուքրանացի պաշտօնեաներուն:

Նախանցեալ գիշերուան ընթացքին ուժգին պայթումներ լսուած են, մինչ ուքրանական օդուժը կը նախազգուշացնէր հեռահար հրթիռներով յարձակման սպառնալիքի մասին:

 

 

 

Leave a Comment