Քոնկրեսին ներկայացուած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու բանաձեւ մը, որ կը նախատեսէ մինչեւ 100 տոկոսի յաւելեալ մաքսային տուրք սահմանել ռուսական քարիւղի հինգ մեծագոյն գնողներուն` Ազրպէյճանի, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ դէմ, որպէսզի անոնք նուազեցնեն կամ դադրեցնեն ռուսական քարիւղի իրենց ներածումները:
Հանրապետական եւ դեմոկրատական ծերակուտականներու ներկայացուցած բանաձեւը թիրախ կը դարձնէ նաեւ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, զինուորական հրամանատարներ, դրամատուներ եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւններ:
Բանաձեւին գլխաւոր նախաձեռնողներէն էր հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեհեմը, որ անցեալ շաբաթ յանկարծամահ եղաւ: Մահէն անմիջապէս առաջ, Ուքրանիա կատարած այցելութեան ընթացքին, Կրեհեմ յայտարարած էր, որ նախաձեռնութեան հեղինակները հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են նաեւ նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ:
Կրեհեմի մահէն ետք Թրամփ վստահութիւն յայտնած է, որ նախաձեռնութիւնը պիտի ստանայ Քոնկրեսին հաւանութիւնը` զայն ներկայացնելով իբրեւ յարգանքի տուրք Կրեհեմի յիշատակին:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Քրեմլին ուշադրութեամբ կը հետեւի այս իրադարձութեան եւ իր դիրքորոշումը պիտի ներկայացնէ զարգացումներուն համապատասխան:
Փեսքով միաժամանակ պնդած է, որ Մոսկուա Ուաշինկթընէն ազդանշաններ կը ստանայ, թէ ամերիկեան կողմը պատրաստ է հետագային վերսկսելու ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման իր աջակցութիւնը` Արաբական ծոցի տագնապին լուծումէն ետք: