Թրամփ Չինաստանը Կ՛ամբաստանէ Պատմութեան Մէջ Ընտրական Տուեալներու Ներթափանցման Մեծագոյն Գործողութիւնը Կատարելու Յանցանքով

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ժողովուրդին ուղղուած ճառի մը մէջ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները այժմ աշխարհի տարածքին լաւագոյն պետութիւնն են»:

«Միացեալ Նահանգները ներկայիս աւելի ներդրումներ ունին, քան երբեւէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու մէջ սղաճը վեց տարիներու ընթացքին մեծագոյն անկումը արձանագրեց, եւ մեր ելեւմտական շուկաները իրենց բացարձակապէս բարձրագոյն մակարդակին վրայ են»:

«Որեւէ պետութիւն չի կրնար մեծ ըլլալ, եթէ անոր ընտրութիւնները պարկեշտ չեն», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` յայտարարելով. «Տարիներով ամերիկեան ընտրութիւններուն մէջ միջամտութիւններու վերաբերեալ հետախուզական տեղեկութիւնները թաքնուեցան, սակայն ես զանոնք պիտի գաղտնազերծեմ»:

«Չինաստանը 2020-ի ընտրութիւններուն ընթացքին շուրջ 20 միլիոն ամերիկացիներու սեփական տեղեկութիւններուն ծանօթացաւ: Կը ջանանք ստեղծել ընտրական ապահով համակարգ մը, որ խարդախութիւնն ու ընտրութիւններուն միջամտութիւնը գործնականին մէջ անկարելի կը դարձնէ»:

«Այս գիշեր անմիջապէս գաղտնազերծումն ու հրապարակումը պիտի յայտարարեմ վճռական հետախուզական տեղեկութիւններու, որոնք մեր ընտրութիւններու ենթակառոյցին մէջ ցնցիչ խոցելի կէտեր կը բացայայտեն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Տրամադրութեան տակ գտնուող փաստերը կ՛ապացուցեն, թէ մեր ընտրական համակարգը աննախադէպ վտանգաւոր մակարդակով արտաքին ներթափանցման եւ միջամտութեան ենթարկուած է»:

«Փաստաթուղթերը ապացուցեցին, որ Չինաստանը կատարած է ընտրութիւններու տուեալներու ներթափանցման եւ գողնալու մեծագոյն գործողութիւնը, որ սկսած է 2020 թուականին: Չինաստանի կողմէ քուէարկողներու տուեալներու գողութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ ընտրութիւններու անվտանգութեան աննախադէպ մղձաւանջ մը կը ներկայացնէ», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Փեքին յատուկ միաւոր մը ստեղծեց` ամերիկացի քուէարկողներու համացանցահէնութեան ենթարկուած տուեալները շահագործելու եւ զանոնք խափանարարական գործողութիւններու մէջ օգտագործելու համար: Մեր փաստաթուղթերը հետախուզական գործակալութիւններու մէջ խորքային պետութենէն տարրերու չինական միջամտութեան մեղսակցութիւնն ու զայն թաքցնելը կը բացայայտեն»:

«Կը պահանջենք ջնջել նամակատան ճամբով քուէարկութիւնը եւ զայն սահմանափակել միայն հիւանդութեան, հաշմանդամութեան, զինուորական ծառայութեան կամ ճամբորդութեան պարագային», նշեց ան:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լի Ցիան` անդրադառնալով Թրամփի` Չինաստանի ամերիկեան ընտրութիւններուն միջամտելու մասին պնդումին նշեց, «Ամերիկեան կողմի նման յայտարարութիւնները զուտ յօրինուածք են եւ չարամիտ զրպարտութիւն»:

«Չինական կողմը միշտ հաւատարիմ մնացած է այլ պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքին, ատոր նկատմամբ հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերած եւ երբեք չէ միջամտած Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն», յայտնած է ան:

 

Leave a Comment