Երէկ շրջանին մէջ մագլցումը 8-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ:
Իրանեան բանակը յայտարարեց, թէ Քուէյթի մէջ ամերիկեան զինուորական կառոյցներ ու սարքեր հարուածած է, իսկ Պահրէյն եւ Քուէյթ յայտարարեցին, թէ դէմ դրած են իրանեան օդային յարձակումներու:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտնեց, որ վար առած է Ահուազ քաղաքին վերեւ թռիչք կատարող ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք մը:
Իրանեան բանակը ըսաւ, որ ամերիկեան ուժերու դէմ իր յարձակումները հակադարձութիւն են շարք մը իրանցիներու սպանութեան եւ երկրին մէջ կամուրջներու եւ ենթակառոյցներու վրայ ամերիկեան յարձակումներու:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը իր կարգին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ցուցմունքով շղթայազերծուած նոր յարձակումներուն նպատակը Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւարկումին սպառնալու Իրանի կարողութիւնը ջլատելն է եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը անմիջապէս պատժելը` Յորդանանի մէջ ամերիկացի երկու զինուորներու սպանութեան պատճառ դարձած անոր յարձակումներուն համար:
Ամերիկացի զինուորները սպաննուած էին ուրբաթ օր:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին ամերիկացի զինուորներու սպանութեան համար դեմոկրատականներու կողմէ պատասխանատու նկատուելուն լոյսին տակ պաշտպանեց Իրանի դէմ պատերազմը:
«Օր մը հարցուցի՞ք, թէ Վիեթնամի մէջ որքան մարդ մահացաւ: Օր մը հարցուցի՞ք, թէ Պայտընի նստաշրջանին Աֆղանիստանի մէջ մէկ օրուան մէջ քանի մարդ մեռաւ», հարց տուաւ Թրամփ:
Ան աւելցուց, որ զինուորներու սպանութիւնը ցաւալի է, սակայն անոնք սպաննուեցան, որովհետեւ չեն ուզեր տեսնել, որ Իրանը հիւլէական զէնք ունի, եւ չեն ուզեր նաեւ Միջին Արեւելքի բռնկումը տեսնել:
Անդրադառնալով Թեհրանի յայտարարութեան, թէ Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրին նկատմամբ այլեւս յանձնառու չէ, Թրամփ ըսաւ. «Բացարձակապէս հոգս չէ»:
Նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոշթաբա Խամենէի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին փոխըմբռնման յուշագիրին վրայ եղող ստորագրութիւնը այլեւս անարժէք է, որովհետեւ Ուաշինկթըն իր յանձնառութիւնները չի յարգեր:
Խամենէի զգուշացուց, որ ամերիկեան զինուորական գործողութիւններու շարունակութիւնը պիտի արժանանայ վճռական պատասխանի ոչ միայն Իրանի կողմէ, այլ նաեւ Դիմադրութեան ճակատին կողմէ:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատի յայտարարած է. «Իրան կասեցուցած է Իսլամապատի յուշագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւններու կատարումը, երբ Միացեալ Նահանգները յարձակողական գործողութիւններու միջոցով խախտեցին իրենց սեփական պարտաւորութիւնները»:
Ղարիպապատի աւելցուցած է, որ Ուաշինկթըն «ոտնահարած եւ դադրեցուցած է կատարումը իր բոլոր պարտաւորութիւններուն»` Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրի ծիրին մէջ:
«Մենք նոյնպէս կասեցուցած ենք Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրով ստանձնած մեր պարտաւորութիւնները եւ այլեւս զանոնք չեն գործադրեր», յայտարարած է ան:
Յիշեցնենք, որ Թրամփ ամսուան սկիզբը յուշագիրի աւարտը յայտարարած էր. «Ինծի համար, կը կարծեմ` ամէն ինչ աւարտած է: Ես այլեւս չեմ ուզեր անոնց հետ գործ ունենալ: Անոնք ստոր մարդիկ են»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, սակայն, նշեց. «Պէտք է բանակցութիւնները փորձենք, նոյնիսկ եթէ անոնց յաջողութեան համեմատութիւնը 10 առ հարիւր է»:
Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր քաղաքացիները զգուշացուց Իսրայէլ եւ շրջան ճամբորդելէ` «Միջին Արեւելքի մէջ սուր լարուածութիւններուն պատճառով»:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը եւս ամերիկացի քաղաքացիները յորդորեց զգուշանալու Լիբանան ճամբորդելէ եւ վերատեսութեան ենթարկելու Միջին Արեւելք ճամբորդելու իրենց որոշումը` ապահովական լարուածութիւններու պատճառով:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց. «Իրանեան հրթիռներու վնասազերծման համար հակաօդային համակարգերու կրակոցներէն ետք Իլաթի եւ Աքապայի մէջ պայթումներու ձայներ լսուեցան»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Եթէ Իրան Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակէ, մեր ամբողջ ուժով անոր պիտի հակադարձենք»` աւելցնելով. «Եթէ Միացեալ Նահանգները իրենց քաղաքականութիւնը փոխեն, ինչ որ բացառուած չէ, մենք ամբողջովին պատրաստ ենք գործելու, ըլլայ այդ պաշտպանողական կամ յարձակողական գետնի վրայ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները համեմատեց ահաբեկչութեան հետ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց. «Իրանի քաղաքային ենթակառոյցներուն վրայ Միացեալ Նահանգներու յարձակումները եւ անոնց ոչնչացման հրապարակային ցուցադրութիւնը կը յիշեցնեն ահաբեկչական խմբաւորումներու գործելաոճը:
«Պետութեան մը համար, որ ժամանակ մը ինքզինք կը դիրքաւորէր իբրեւ համաշխարհային կարգի, ազատականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դրօշակիր, կամուրջներու եւ քաղաքային ենթակառոյցներու ոչնչացման պատկերներու ցուցադրութիւնը, կարծես, վերջին նուաճումն է, որով անիկա կրնայ հպարտանալ»:
Պաղայի ուշադրութեան հրաւիրած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթի գրառման վրայ, որուն մէջ ան կը հպարտանար իրանեան Չապահար նաւահանգիստին մէջ ծովուժի կառավարման աշտարակի ոչնչացման համար: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներով` ծովային անվտանգութիւնը ապահովող այս կառոյցը վերջին օրերուն Միացեալ Նահանգներու կողմէ երրորդ անգամ ըլլալով հարուածուած է:
Բացի ատկէ, Պաղայի յայտնած է, թէ յարձակումի ենթարկուած են Պունջի գիւղի տարածքին մէջ գտնուող ուժանիւթային կառոյցներն ու աղազրկման համալիրի մղիչներու կայանները, ինչպէս նաեւ Միապի եւ Լամերտայի քաղաքային կառոյցները:
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Իրանի մէջ կամուրջներուն ամերիկեան բանակի հասցուցած հարուածները հանրապետութեան մնացեալ մասին հետ հաղորդակցութեան ուղիներէն կտրած են Պանտար Ապպաս քաղաքը, որմէ կախեալ է ամբողջ Իրանի կեանքը:
Շարք մը ռմբակոծումներու պատճառով 500.000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքը, որմէ կ՛անցնի երկրի ամբողջ առեւտուրի շուրջ կէսը, գրեթէ յայտնուած է արտաքին աշխարհէն ամբողջութեամբ կտրուած վիճակի մէջ: Քաղաքի երկրի մնացեալ մասին հետ կապող կամուրջներն ու երկաթուղին աւերուած են:
Բացի ատկէ, քաղաքին մէջ կը գտնուին Իրանի ծովուժի գլխաւոր ռազմակայանը, որմէ կախեալ է Հորմուզի նեղուցը վերահսկելու Թեհրանի կարողութիւնը:
Փենթակոնի նախկին աշխատակից Մայքըլ Ռուպին օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը հետզհետէ աւելի կը համոզուի, որ նաւահանգստային քաղաքի մեկուսացումը կը հանդիսանայ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան վերականգման բանալին:
Պանտար Ապպասի մէջ գտնուող Շահիտ Ռաժայի նաւահանգիստը կը հանդիսանայ Իրանի ոսկիէ դարպասը, ուրկէ կ՛անցնի երկրի առեւտուրի գրեթէ կէսը, ներառեալ` արդիւնաբերական սարքաւորումները, շինանիւթերը, գիւղատնտեսական արտադրութիւնը, սպառողական ապրանքները, ինչպէս նաեւ պողպատը, պարարտանիւթերը եւ նաւթամթերքը:
«Թելեկրաֆ» կը մատնանշէ, որ նոր հարուածները հարցեր կը յառաջացնեն հաւանական զինուորական յանցագործութիւններու վերաբերեալ, որովհետեւ 1949 թուականի Ժընեւեան հռչակագիրը կը պահանջէ, որ պատերազմող երկիրները զինուորական կառոյցները քաղաքային ենթակառոյցներէն տարբերակեն: Փաստաթուղթը, ուրիշներու շարքին, ստորագրուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը իր կարգին նշեց. «Թրամփ զանգուածային քանդումի շրջուն զէնք է եւ աշխարհին սպառնացող մեծագոյն վտանգը»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնեց. «Իսրայէլ կրնայ Միացեալ Նահանգներու կողքին պատերազմին միանալ»: Սէուտական «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը, սակայն, յղում կատարելով իսրայէլացի պաշտօնատարի մը, հաղորդեց, թէ Իսրայէլ առաջարկած է միանալ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններուն, սակայն առաջարկը մերժուած է ամերիկեան վարչակազմին կողմէ:
Աղբիւրը նշած է, որ Իսրայէլ պատրաստ է ետ մղելու ոչ միայն Իրանի, այլ նաեւ անոր գործակատարներու յարձակումները: Ան աւելցուցած է, որ եթէ Իսրայէլ յարձակումի ենթարկուի, անիկա, հաւանաբար, պատերազմին մէջ մտնէ: Սակայն Միացեալ Նահանգները այդ մէկը անցանկալի կը նկատեն:
Աղբիւրը նաեւ նշած է Իրանի ղեկավարութեան մէջ գոյութիւն ունեցող պառակտման մասին, եւ որ իրանեան հետախուզական ծառայութիւնները մահափորձեր կը ծրագրեն Իսրայէլի ղեկավարներուն դէմ` այաթոլլա Ալի Խամենէիի սպանութեան վրէժը լուծելու համար: