«Էմ. Էմ. Էյ.». Ծառուկեան Չկրցաւ Յաղթել Քովինկթընին. Յարութիւնեան Եւ Պոսնոյեան` Յաղթական

«ՌԱՖ (Ռիլ Ամերիքըն Ֆրիսթայլ) 11» մրցաշարքին, խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») մրցաշարքի ծիրին մէջ, նոր ստեղծուած քրոս-օվըր ախոյեանութեան գօտիին համար մենամարտ մը տեղի ունեցաւ Արման Ծառուկեանի եւ Քոլպի Քովինկթընի միջեւ:

Մրցումը բաւական հետաքրքրական էր, բայց ամերիկացի խառն մենամարտերու մարտիկ Քովինկթըն կրցաւ 5-3 արդիւնքով պարտութեան մատնել Արման Ծառուկեանը, որ 7 յաղթանակներէ ետք կրեց իր առաջին պարտութիւնը «ՌԱՖ»-ի մրցաշարքին:

Ասիկա Արման Ծառուկեանի առաջին պարտութիւնն էր 1485 օրերէ ի վեր տարբեր մրցաշարքերու գծով` երկար ժամանակ անյաղթ մնալէ ետք:

Նոյն մրցաշարքի ծիրին մէջ, ազատ ոճի հայ ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ ամերիկացի Պեն Տավինոյի դէմ մենամարտին:

Առաջին ռաունտին, Յարութիւնեան ետ կը մնար (կէտերով) Տավինոյէն, սակայն 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեանը ինքզինք գտաւ եւ նաք-աութով աւարտեց մենամարտը` աւարտէն 3 երկվայրկեան առաջ:

Ասիկա Յարութիւնեանի 2-րդ յաջորդական յաղթանակն է «ՌԱՖ»-ի գծով, այս յաղթանակը արձանագրուեցաւ Միլուոքիի մէջ:

. ՕՔԼԱՀՈՄԱՅԻ մէջ, «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մրցաշարքին գծով, հայկական արմատներ ունեցող ամերիկացի Ժան-Փոլ Պոսնոյեան յաջողութեամբ աւարտեց «Եու. Էֆ. Սի.»-ի իր երկրորդ մենամարտը:

Կէս միջին կշիռի մրցումներուն գծով Ժան-Փոլ Պոսնոյեան 29-28 իրաւարարներու միաձայն որոշումով պարտութեան մատնեց հարաւային քորէացի Քօ Սոք Հիոնը: Այս յաղթանակէն ետք Պոսնոյեանի ցուցանիշները եղան 11 յաղթանակը 2 պարտութեան կողքին, մինչ Հիոն 13 յաղթանակի կողքին ունեցաւ 3 պարտութիւն:

 

 

Leave a Comment