Ռանոս Միացաւ Թեներիֆէին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Պայերն Միւնիխի սան Հրանդ Լէոն Ռանոս միացաւ Սպանիոյ Թեներիֆէ ակումբին:

Երիտասարդ տարիքին ան լքած էր Պայերն Միւնիխի պահեստի խումբը եւ միացած Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին` 3 տարի առաջ:

Ան երեք տարեշրջաններուն չկրցաւ իր մակարդակը բարձրացնելով իր խաղաոճը պարտադրել: 22 մրցումներու ընթացքին ան միայն 2 կոլ նշանակեց եւ մեծ մասամբ անցեալ տարեշրջանին խաղցաւ Մէօնշընկլատպախի 23 տարեկանէն վար խումբին հետ` նշանակելով 8 կոլ եւ կատարելով 10 էսիսթ 17 մրցումներու ընթացքին:

Հայաստանի ազգային խումբին հետ 26 մրցումներ կատարած Ռանոս 2024-2025 տարեշրջանին փոխադրուեցաւ Քայզըրսլաութըրնին, եւ անցեալ եղանակին Այնթարխթ Պրաունշվայկին: Թեներիֆէի մէջ ան կրնայ ինքզինք բարելաւել Սպանիոյ Բ. դասակարգի մէջ: Թեներիֆէ 1990-ականներուն բաւական լաւ ակումբ մըն էր առաջին դասակարգին մէջ, բայց ան վերջին անգամ «Լա լիկա» բարձրացած էր 2009-2010 տարեշրջանին: Խումբին վիճակը բաւական վատ էր վերջերս, բայց անցեալ տարեշրջանին ան կրցաւ Գ. դասակարգէն բարձրանալ Բ. դասակարգ:

 

Leave a Comment