Վաղը Պելճիքայի կրան փրին տեղի պիտի ունենայ Սփա-Ֆրանքորշանի մէջ, ժամը 16:00-ին:
Այս տարեշրջանի 10-րդ կրան փրին անցեալ տարուան աշխարհի ախոյեան Լանտօ Նորիս պիտի ստիպուի սկսիլ փոլ փոզիշընի մրցումէն գրաւուած 10 դիրքեր ետեւէն:
Պատճա՞ռ: «Մաքլարեն» ստիպուած էր Նորիսի ինքնաշարժին ելեկտրականութեան ուժ հայթայթող բաժինը փոխել, բան մը, որ զայն պատժած էր 10 դիրքով:
Բրիտանացին (Նորիս) անցեալ տարի Սփա – Ֆրանքորշանի մէջ փոլ փոզիշընը շահած էր, բայց «Մաքլարեն» այս տարի այդ առաւելութիւնը չունի մնացեալ ինքնաշարժներուն վրայ, մանաւանդ այս տարուան փոփոխութիւններէն ետք:
Այժմու լաւագոյն խումբերն են «Մերսետես» եւ «Ֆեռարի»: Այս տարուան օրէնքներուն մէջ նշուած է, որ վարորդներ իրաւունք ունին մէկ տարուան ընթացքին 3 անգամ փոխելու իրենց ինքնաշարժի ելեւտրական ուժ հայթայթող գործիքը, եւ յաւելեալ փոփոխութիւններ պատիժի կրնայ ենթարկել վարորդը:
«Մաքլարեն» յայտարարած էր, թէ Չինաստանի մէջ Նորիսի այդ գործիքը խանգարուած էր (անցեալ մարտին): Երկրորդ գործիքը Ճափոնի մէջ փորձի պահուն հարցեր ունեցած էր եւ ստիպողաբար փոխարինուած:
«Որոշեցինք Պելճիքայի մէջ փոփոխութիւնը կատարել, որովհետեւ այս շրջավազքին աւելի դիւրին է մրցակիցներ գերազանցելը, քան յաջորդող Հունգարիոյ եւ Նետերլանտներու շրջավազքերը», ըսաւ Մաքլարենի բանբերը:
Այս տարուան ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող իտալացի Քիմի Անթոնելլի իր «Մերսետես»-ով շատ լաւ սկսած էր տարեշրջանը, բայց վերջին 3 կրան փրիներէն երկուքին առանց կէտերու աւարտեց, ուր «Ֆեռարի» փոքր փոփոխութիւններ կատարելէ ետք աւելի արդիւնաւէտ սկսաւ ըլլալ:
Լուիս Համիլթըն եւ Շարք Լըքլեր «Ֆեռարի»-ին յաղթանակներ ապահովեցին: Եթէ Համիլթըն կարենայ շահիլ վաղուան կրան փրին, պիտի հաւասարի Միքայէլ Շումախըրի մրցանիշին, որ 6 անգամ շահած է Սփա-Ֆրանքորշանի մէջ: