«Քոնֆերենս Լիկ». Փիւնիկ Եւ Ալաշկերտ Հասան 2-րդ Հանգրուան

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆերենս լիկ»-ի զտումի առաջին հանգրուանի դարձի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Փիւնիկ եւ Ալաշկերտ կրցան յաջողութեամբ հասնիլ Բ. հանգրուան:

Փիւնիկ, որ երթին Մալթայի մէջ կրցած էր 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ արձանագրել Մարսաշլոք խումբին դէմ կրցաւ իր յաղթանակը կրկնել եւ 1-0 արդիւնքով աւարտել մրցումը:

Մրցումի 10-րդ վայրկեանին քոնկոցի բերդապահ Քրսիթոֆըր Մաֆումպի մեծ քառակուսիէն դուրս գալով գետին բերած էր Փիւնիկի յառաջապահը, որ առանձին կը սուրար դէպի բերդ:

10 մարզիկներով Մարսաշլոք մեծ դժուարութիւն ունէր, բայց ձեւով մը դիմացաւ Փիւնիկի յարձակումներուն, որոնք մեծ մասամբ ձախողեցան, շատ անգամ մարզիկներու անձնասիրութեան պատճառով, շատ անգամ ալ անբախտ ըլլալով:

80-րդ վայրկեանին ռուս միջնապահ Տանիլ Քուլիքով փենալթիով նշանակեց Փիւնիկի միակ կոլը:

Օրուան միւս մրցումին, Ալաշկերտ մեկնած էր Ղազախստան` մրցելու Ելիմայ Սեմէյ խումբին դէմ:

Երթին հակառակ լաւ խաղալուն, Ալաշկերտ միայն 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Երեւանի մէջ:

Մրցումը լաւ սկսաւ Ալաշկերտի համար, որուն կինեցի յառաջապահ Մոմօ Թուրէ 4-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը:

Ալաշկերտ շատ աւելի լաւ էր եւ առիթներ կը ստեղծէր, սակայն Աքմալ Պախթիարով 11-րդ վայրկեանին նշանակեց Ելիմէյի հաւասարութեան կոլը:

Արդիւնքը մնաց անփոփոխ, հակառակ Ալաշկերտի տիրապետելուն, եւ դիմուեցաւ երկարաձգման: Պզտիկ սխալ մը, եւ Խրվոյէ Իլիչ փենալթիով նշանակեց Ելիմէյի 2-րդ կոլը, 96-րդ վայրկեանին:

Հակառակ փոփոխութիւններուն եւ արդիւնքին, Ալաշկերտ այդքան ալ լաւ չխաղցաւ երկարաձգման ընթացքին, բայց 121-րդ վայրկեանին կրցաւ շատ կարեւոր կոլ մը նշանակել շնորհիւ պրազիլցի յետսապահ Հիկոր Կապրիէլի: Մրցակից խումբը յուսախաբ եղաւ այս կոլէն, մանաւանդ որ բոլոր մարզիկներով կը պաշտպանուէր:

Վահէ Գէորգեանի տղաքը փենալթիներով կրցան յաղթել 6-5 արդիւնքով, երբ Արսէն Բեգլարեան զսպեց քոլոմպիացի Փալասիոյի փենալթին` յաղթանակը նուիրելով Ալաշկերտի:

Նշենք, որ Փիւնիկի եւ Ալաշկերտի կողքին Նոա պիտի միանայ հայկական զոյգ խումբերուն, Բ. հանգրուանին:

Leave a Comment