2026-ի Մոնտիալ. Վաղը` Սպանիա – Արժանթին Մոնտիալի Աւարտականը

Վաղը ֆութպոլի աշխարհի կարեւորագոյն տիտղոսին համար պիտի մրցին վերջին Մոնտիալի եւ Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան Արժանթին եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա, Նիւ Ճըրզիի մէջ:

«Մեթլայֆ» մարզադաշտը պիտի հիւրընկալէ սպասուած գագաթի մրցումը, ուր Արժանթին 4-րդ տիտղոսին համար պիտի մրցի, իսկ Սպանիա` 2-րդ:

Սպանիա իր տոմսը ապահոված էր կիսաւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթելով թիւ 1 թեկնածու Ֆրանսային, եւ միայն 1 կոլ ստացած է այս Մոնտիալին` յաղթելէ ետք Աւստրիոյ, Փորթուգալին եւ Պելճիքային նաք-աութի մրցումներուն:

Արժանթին 1-0 ետ մնալէ ետք Անգլիոյ դէմ, տպաւորիչ ձեւով կրցած էր յաղթել 2-1 արդիւնքով` նշանակելով 2 կոլեր մրցումի վերջին վայրկեաններուն: Արժանթին դժուարութեամբ կրցած էր յաղթել նաեւ Քափէ Վերտէին, Եգիպտոսին եւ Զուիցերիոյ նաք-աութի իր մրցումներուն:

Արժանթինի խմբապետ Լիոնել Մեսսի ոսկի կօշիկի առաջին դիրքը կը գրաւէ 8 կոլերով եւ 4 էսիսթ ալ կատարած է, մինչ Սպանիոյ կոլ-սքորըր Միքել Օյարսապալ 5 կոլ նշանակած է:

«Լա Ալպիսելեսթէ» 1978-ի, 1986-ի եւ 2022-ի յաջողութիւններէն ետք նպատակ ունի 4-րդ աստղ մըն ալ շահիլ, մինչ «Լա Ռոխա» 2010-ի յաջողութենէն ետք պիտի փորձէ աստղ մը եւս աւելցնել իր պատմութեան 2-րդ աւարտականին:

«Մեթլայֆ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք հանդիպումը պիտի սկսի ժամը 22:00-ին, ուր 80 հազար 663 աթոռներ պիտի ողողուին համակիրներով, որոնք սակայն բնականէն աւելի երկար դադար պիտի առնեն կիսախաղին, ուր 30 վայրկեաններու ընթացքին Մատոնայի, Ճասթըն Պիպըրի, Շաքիրայի եւ Պի. Թի. Էս.-ի նման աստղեր ելոյթներ պիտի ունենան` ամերիկեան ֆութպոլի նման մթնոլորտ ստեղծելով:

Այսօր կէս գիշերուան մրցումին, 3-րդ դիրքին համար պիտի մրցին կիսաւարտականին պարտուած խումբեր Ֆրանսան եւ Անգլիան: Այս մրցումը իր կարգին հետաքրքրական կը թուի ըլլալ:

 

 

Leave a Comment