Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան 5 ամսուան դադարէ ետք, եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մեծ թիւով բացականերով կրցաւ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնել Հարաքեթ Շապապը: Սաֆայի դաշտին վրայ:
11-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կոլ-սքորըր Ուասիմ Ապտել Հատի 2 կոլ նշանակեց առաջին կիսախաղին, մինչ Ժաք եւ Եուսեֆ Համատէ աւելցուցին մնացեալ կոլերը:
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի բերդապահ Ռապիհ Սերհան կարմիր քարտ ստացած էր առաջին կիսախաղին, երբ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանար:
Այս կարեւոր յաղթանակէն ետք ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ գրաւեց 3-րդ դիրքը` գերազանցելով Ժալիլ Քանան եւ Ահլի Սայտան:
Նոյն հանգրուանին, առաջին դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալ 7-2 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրած էր Ժալիլ Քանայի դէմ, մինչ Իժթիմահի (Բ. դիրք) 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Ահլի Սայտային:
7-րդ եւ նախավերջին դիրքը գրաւող Թաուֆիր 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Հորր Ամելիին:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը երկուշաբթի օր շատ կարեւոր մրցում մը ունին առաջին դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալի դէմ:
Տակաւին 3 մրցումներ կան, եւ 9 կէտեր կրնան օգնել ՀՄԸՄ-ին, որ Բ. դասակարգ բարձրանալու յոյսերը պահէ: Անշուշտ ասիկա կախեալ է առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերուն արդիւնքներէն: